Շուէտի հազուագիւտ հողերը
Շուէտի հազուագիւտ հողերը, Շուէտի հիւսիսը գտնուած աւելի քան մէկ միլիոն թոն մետաղներ պարունակող տարածք մը:
Այդ վայրին մէջ գտնուող մետաղներու քանակը կրնայ ներկայացնել միջազգային պահեստներուն, այսինքն` մօտաւորապէս 120 միլիոն թոն, նուազ քան 1 առ հարիւրը:
«Հազուագիւտ հողեր» անուանումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս մետաղները կը կոչուին հազուագիւտ հողեր, որոնք կարելիութիւնը կու տան շինելու «թաչ սքրիններ», ուշիմ հեռաձայններ, ելեկտրական ինքնաշարժներու շարժակները:
«Նէօտիմ», «տիսփրոսիոմ», «էրպիոմ», «իթրիոմ» եւ «սքանտիոմ» տարօրինակ անուններ ունեցող մետաղները ամէն տեղ կան` բջիջային հեռաձայններու «թաչ» պաստառներուն վրայ, «հետֆոն»երուն մէջ, շարժակներուն եւ համակարգիչներուն «հարտ տիսք»երուն մէջ: Այս հազուագիւտ մետաղները 17 հատ են, անոնց տրուած է «հազուագիւտ հողերու» անունը, եւ քանի մը տարուան ընթացքին անոնք անհրաժեշտ դարձած են եւ շատ փնտռուած:
Անոնց տրուած է «հազուագիւտ հողեր» անունը[1], որովհետեւ անոնք գտնուած են ԺԹ. դարու սկիզբներուն, տակաւին այդ շրջանին հազուագիւտ հանքերու մէջ: Իսկ այն հողերը որոնց վրայ սփռուած էին այդ հանքերը, իրարմէ զատելը դժուար էր. հազուագիւտ էին: Հետեւաբար «հազուագիւտ մետաղներու» փոխարէն` գործածուած է «հազուագիւտ հողեր» անունը:
Սակայն հակառակ իրենց անունին` անոնք իսկապէս հազուագիւտ մետաղներ չեն: Անոնք կը գտնուին գրեթէ ամբողջ մոլորակին վրայ: Մինչեւ այսօր մետաղներու շուկային մէջ գտնուող հազուագիւտ մետաղներուն 98 առ հարիւրը Չինաստանը կը հայթայթէ: Սակայն այս երկրին մէջ գոյութիւն ունին այս մետաղներու միջազգային պահեստներուն միայն 37 առ հարիւրը:
Արտահանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս մետաղները արդիւնահանելը շատ դժուար է: Միջոցները շատ սուղ են եւ ապականող: Այս աշխատանքը կ'արտանետէ առողջապահութեան համար վտանգաւոր մետաղեայ փոշիներ, կը գործածէ հողը եւ գետերը ապականող քիմիական վտանգաւոր նիւթեր եւ կրնայ, կարգ մը պարագաներու, վտանգաւոր ճառագայթներ արձակել[2]: