Jump to content

Շիրակաւան

Բնակավայր
Շիրակաւան
Երկիր  Թուրքիա
Ժամային գօտի UTC+3։00

Շիրակաւան, (Երազգաւորս) Անիէն ոչ հեռու` Ախուրեանի աջ ափին: Սմբատ Բագրատունին (890-914) թագադրուած է հոն ` 892-ին երկիրին նոր մայրաքաղաքին մէջ: Սմբատ Ա.-ին եւ անոր որդւոյն՝ Աշոտ Երկաթին օրով՝ շուրջ 40 տարի, Հայաստանի մայրաքաղաքը Շիրակաւանն էր։ Թրքական տիրապետութեան շրջանին Շիրակաւան անունը աղաւաղուած է, դարձած՝ Շորագեալ (այդ անունով ալ բնակավայրին անունը կը յիշուի Յովհ. Թումանեանին «Գելը» պատմուածքին մէջ)։

Այդ տարածքը բնակավայր եղած է (Ք.Ա.) 3-2-րդ դարերուն: Բագրատունեաց թագաւորութեան օրով հոն կար ամրոց մը, պաշտպանական այլ կառոյցներ, իսկ 3քմ հեռաւորութեան վրայ Տիգնիս նշանաւոր ամրոցն է, որ հետագային դարձած է Անիի պաշտպանութեան կարեւոր յենակէտը: Սելճուք-թուրքերուն եւ մոնկոլ-թաթարներու արշաւանքներուն հետեւանքով, այլ բնակավայրերու հետ միասին աւերուած ու թալանուած են նաեւ Շիրակաւանը եւ հետագային յիշատակուած արդէն իբրեւ գիւղ:

1920-ին Շիրակաւանի բնակչութիւնը տեղահանուած է, մէկ մասը բնակութիւն հաստատած է Ախուրեան շրջանի Երազգաւորս գիւղին մէջ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]