Շիկաքար ամրոցը
Շիկաքար բերդը կը գտնուի Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Մեծ Առանք գաւառին մէջ, Արցախի Հանրապետութեան Ասկերան շրջանի Խրամորթ գիւղէն 1.5 քմ արեւմուտք։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]18-րդ դարու 20-ական թուականներուն հայ ազատագրական շարժման մէջ խոշոր դեր խաղացած են Ղարաբաղի մելիքութիւններուն մէջ տեղակայուած սղնախները, որոնցմէ մէկը Շիկաքար-Քարագլուխ բնակավարն էր։
Բերդի պատմական անցեալին հետ առնչուած են նաեւ քանի մը ռազմական ընդհարումներ՝ 19-րդ դարու սկիզբի ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ։
Շիկաքար բերդը կառուցուած է ծովու մակերեւոյթէն 1000 մ բարձրութիւն ունեցող սարահարթի վրայ, որ կ’ընդգրկէ մօտ 300 հա տարածութիւն, ունի կենսական լաւ պայմաններ, ջուր, ծաղկազարդ լանջեր, բերրի վարելահողեր, գեղատեսիլ անտառներ։
Բերդը կառուցողները վարպետօրէն օգտագործած են տեղի անառիկութիւնը։ Այն երեք կողմերէն շրջապատուած է բնական դժուարամատչելի ու անյաղթահարելի ժայռերով, ուր կան հինգ նշանաւոր քարանձաւներ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Արցախի գանձերը․ Շիկաքար ամրոց»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-11-09։ արտագրուած է՝ 2023-04-18