Jump to content

Շաւարշ Գարագաշ

Շաւարշ Գարագաշ
Ծնած է 1874
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1941
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն դերասան

Շաւարշ (Պօղոս) Գարագաշ (1874, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1941), հայ դերասան։

Ծնած է Կոստանդնուպոլիս։

Նախնական կրթութիւնն ստացած է տեղի Մխիթարեաններու դպրոցին մէջ, ապա ուղարկուած է Վենետիկ, ուր երեք տարի սորվելէ ետք վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս։

Խաղցած է Արշակ Պենկլեանի խումբէն ներս՝ 1893-էն սկսեալ։ Առաջին անգամ հանդէս եկած է «Ջաղացպանին աղջիկը» փիեսին մէջ։ «Քիւչիւկ Իսմայիլ»ի խումբին մէջ խաղցած է որպէս երկրորդ թենոր։ Ա. Պենկլեանի հետ խաղցած է Տ. Չուխաճեանի «Լեպլեպիճի հոր-հոր աղա» օփերեթին մէջ։

Պատերազմէն յետոյ աշխատած է հայկական եւ թրքական խումբերու մէջ։ Գլխաւոր դերերէն են Օթելլօ, Կորրադօ եւ այլն։

1930-ականներուն ղեկավարած է պոլսահայ «Ազգային տրամաթիկ» թատերախումբը, հիմնականօրէն աշխատած է Ա. Մնակեանի խաղացանկով[1]։

  1. Գառնիկ Ստեփանեան (1973)։ Կենսագրական բառարան, հատոր Ա։ Երեւան: «Սովետական գրող»։ էջ էջ 234