Շահէ Քէօրօղլեան

Շահէ Քէօրօղլեան
Ծննդավայր Պէյրութ
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, բանաստեղծ

Շահէ Քէօրողլեան, ծնած է Պէյրութ, քաղաքական գործիչ եւ բանաստեղծ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախակրթութիւնը ստացած է Թոգոեան Ազգ. վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ժարանգաւորաց բաժնին մէջ, Անթիլիաս։ 1975 ին 18 տարեկանը նոր լրացուցած՝ Պէյրութի «College International des Beaux Arts»էն կը վկայուի իբրեւ Interior Designer:

Առաջին գրութիւնը, որ պատմուածք մըն է, լոյս տեսած է 1971−ին «Ազդակ» օրաթերթին մէջ։

1977-1981 մաս կազմած է«Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի խմբագրութեանց։

Աշխակակցած է սփիւռքահայ զանազան թերթերու, ստորագրելով բանաստեղծութիւններ եւ քննադատական ու հրապարագրական յօդուած ներ։

1981-ին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու Էութիւն հատորը։ Նոյն տարին կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Քալիֆորնիա։

1985-ին Լա Վէրն համալսարանէն կը վկայուի Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով։ Ապա Գալիֆորնիոյ ֆուլըրթըն համալսարանին մէջ կը շարունակէ բարձրագոյն ուսումը, քաղաքական գիտութեանց եւ վարչագիտութեան ճիւղերուն հետեւելով։

1984-1990 կը վարէ ուսուցչական եւ լրագրական պաշտոններ, հայկական ու ամերիգական շրջանակներու մէջ։ 1990-էն ի վեր մաս կը կազմէ Կլէնտէյլ քաղաքի ոստիկանութեան, վարելով Միջ-Համայնքային Յարաբերութեանց Գրասենենիակի Վարիչի եւ Ոստիկանութեան խոսնակի պաշտոններ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]