Jump to content

Շահանդուխտ Բ.

Շահանդուխտ Բ, Սիւնեաց աշխարհի թագուհի, Բագրատունեաց թագաւորութեան հիմնադիր Գրիգոր Ա. Սիւնի արքայի (1051-1072) կինը, Սենեքերիմ թագաւորի քոյրը[1]։

Շահանդուխտ Բ.–ը Աղուանի (Հայոց Արեւելքէն կողմանց) արքայ Սահակ Սեւատա Բ.–ի եւ Սոփիայի դուստրն էր, որու մասին կը վկայեն նաեւ Վահանավանքէն յայտնաբերուած արձանագրութիւնները եւ Սիւնեաց ականաւոր պատմիչ Ստեփանոս Օրպելեանը։ Շահանդուխտ Բ. թագուհին կարեւոր դերակատարում ունեցեր է Սիւնեաց թագաւորութեան քաղաքական կեանքին մէջ։ Շահանդուխտ Բ.-ը Գրիգոր Ա. Սիւնի արքայի կինն էր, որը անզաւակ մահացաւ 1072 թուականին։ Գրիգոր Ա. Սիւնի թագաւորի մահէն յետոյ Սիւնեաց ազնուականութեան որոշմամբ թագաւոր կը հռչակուի Շահանդուխտ թագուհիի կրտսեր եղբայր Սենեքերիմը (1072-1094/1096)։ Արցախ աշխարհի արքայադուստրը արդէն հասցուցած էր սիրուիլ ու մեծ յարգանք վայելել Սիւնիքի մէջ, քանի որ միայն անոր հեղինակութեան շնորհիւ հնարաւոր էր գահաժառանգման հարցի նման լուծումը, մանաւանդ որ արքայազունը տակաւին մանկահասակ էր[2]։

Շահանդուխտ թագուհին կարեւոր դերակատարում ունեցեր է նաեւ իր եղբօր Սենեքերիմի թագաւորութեան ժամանկաշրջանին։ Եղբօր՝ Սենեքերիմ արքայի մահէն յետոյ, միչեւ եղբօրորդիի՝ Գրիգոր Բ. արքայի չափահաս դառնալը, Շահանդուխտ Բ.–ը եղեր է թագաւորութեան փաստացի կառավարիչը։ Շահանդուխտ Բ.–ը մահահացեր է 1116 թուականին։

Բեղումնաւոր էր Շահանդուխտ Բ.–ի շինարարական եւ բարեգործական գործունէութիւնը, որու համար ան արժանացեր է «ամենաօրհնեալ», «խորահաւատ բարեպաշտուհի», «երանելի եւ սուրբ թագուհի» պատուոյ տիտղոսներուն։

1086 թուականին Շահանդուխտ թագուհին եւ իր քոյր Քաթան կառուցեր են Վահանավանքի Սբ. Աստուածածին եկեղեցին, ուր ալ գտնուեր է անոնց մասին պատմող արձանագրութիւնը[3]։ Դատելով արձանագրութիւններէն եւ Վահանավանքում յայտնաբերուած տապանաքարերէն՝ իր կեանքի վերջին հատուածը Սիւնիքի մէջ անցուցած է Շահանդուխտ թագուհիի մայրը՝ «Աղուանի թագուհի» Սոփիան։ Անոր տապանաքարէն կ'իմանանք մահւան տարեթիւը՝ 1081 թուական։ Նոյն թուականին Շահանդուխտ թագուհին, անոր եղբայր Սենեքերիմ արքան եւ քոյր Քաթան իրենց մօր յիշատակը յաւերժացնող գեղաքանդակ խաչքար կանգնեցուցած են Վահանավանքի մեծ տաճարի արեւելեան կողմը։

Շահանդուխտ թագուհին եւ իր եղբայր Սենեքերիմ արքան աչքի ինկած են ոչ միայն շինարարական գործունէութեամբ, այլեւ եկեղեցիին եւ հոգեւոր դասին տուած առատ պարգեւներով ու նուիրաբերած տիրոյթներով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Григорян Г. М., 1990, էջ 224—225, 307
  2. Արտակ Մովսիսեան (2014)։ 10 հայ ականաւոր թագուհիներ։ ԵՐԵՎԱՆ: ԶԱՆԳԱԿ։ էջեր 72–79։ ISBN 978-9939-68-267-9 
  3. Григорян Г. М., 1990, էջ 163—164