Jump to content

Շա­քէ ­Տէր Մել­քո­նեան-­Մի­նա­սեան

Շա­քէ ­Տէր Մել­քո­նեան-­Մի­նա­սեան
Ծննդավայր Պէյ­րութ, ­Լի­բա­նան
Մահացած է 1 Յուլիս 2017(2017-07-01)
Մահուան վայր Մոնթ­րէալ, Գանատա
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Կարողութիւն Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ
Մասնագիտութիւն Bachelor of Arts վկա­յա­կա­ն, Գ­րա­կա­նու­թեան ­Դոկ­տո­րա­յի աս­տի­ճա­ն
Գործունէութիւն համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր փոխ-նա­խա­գահ Conseil des ecoles ethniques de Montreal մարմ­նին,
Կուսակցութիւն Ville St. Laurentի Liberal կու­սակ­ցու­թեան տե­ղա­կան վար­չու­թեան, ՀՅԴ անդամ
Ամուսին ­Վա­րու­ժան ­Մի­նա­սեա­ն
Երեխաներ Ա­լեքս ­Սա­քը­զ

­Դոկտ. ­Շա­քէ ­Տէր ­Մել­քո­նեան-­Մի­նա­սեան (ծնած՝ 1926, Պէյրութ, Լիբանան - մահ՝ 1 Յուլիս 2017, Մոնթ­րէալ, Գանատա) խմբագիր, դասախօս, գիրքերու հեղինակ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի հա­ւա­տա­ւոր ան­դամ, վաս­տա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կանն ու նո­ւի­րեալ Հ.Օ.Մ.ու­հի: Գործօն դեր ունեցած է Պէյրութի, Փարիզի ու Մոնթրէալի գաղութներու կրթական, մշակութային կեանքին մէջ, մանաւանդ ՀՕՄ-ի շարքերուն մէջ։ Եղած է ՀՅԴ անդամ[1]:

­Դոկտ. ­Շա­քէ ­Տէր ­Մել­քո­նեան-­Մի­նա­սեան ծնած է հան­րա­ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ ­Մել­քոն եւ ­Լիւ­սի ­Տէր-­Մել­քո­նեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին մէջ, ­Պէյ­րութ, ­Լի­բա­նան։ ­Ան կը յա­ճա­խէ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն­շան ­Փա­լան­ճեան» ­Ճե­մա­րա­նի երկ­րոր­դա­կան բա­ժի­նը, ուր­կէ կը ստա­նայ ֆրան­սա­կան Ա. եւ Բ. պա­քա­լո­րիա­յի վկա­յա­կան։ Ա­պա բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը կը շա­րու­նա­կէ Lysee Francaiseի մէջ, ուր կ’ու­սա­նի գրա­կա­նու­թիւն եւ ման­կա­վար­ժու­թիւն, եւ կը վկա­յո­ւի Bachelor of Arts վկա­յա­կա­նով[2]:

Ո­րոշ ժա­մա­նակ «­Սուրբ Ն­շան» եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն­շան ­Փա­լան­ճեան» ­Ճե­մա­րան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ կը ստանձ­նէ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն: Ա­պա՝ կը մեկ­նի ­Փա­րիզ, հոն շա­րու­նա­կե­լու հա­մար իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը: ­Կը յա­ճա­խէ Sorbonne հա­մալ­սա­րա­նը, ուր­կէ կը վկա­յո­ւի Գ­րա­կա­նու­թեան ­Դոկ­տո­րա­յի աս­տի­ճա­նով։

Ու­սա­նո­ղա­կան օ­րե­րէն սկսեալ, ան մաս կը կազ­մէ հե­տե­ւեալ պար­բե­րա­կան­նե­րու խմբագ­րա­կան կազ­մե­րուն. «Ա­րաքս» ման­կա­պա­տա­նե­կան պար­բե­րա­թեր­թին, ­Նոր ­Սե­րունդ ­Միու­թեան «­Հա­յաս­տան» ամ­սա­գի­րին, եւ «­Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թին: ­Միա­ժա­մա­նակ կը վա­րէ Cite universitaire de Parisի Maison des etudiants armռmiens հայ ու­սա­նո­ղա­կան տան տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը[2]:

1963ին, իր զաւ­կին՝ Ա­լեքս ­Սա­քը­զի հետ կը հաս­տա­տո­ւի ­Մոնթ­րէալ, ուր կ­՚ա­մուս­նա­նայ ­Վա­րու­ժան ­Մի­նա­սեա­նի հետ։ ­Մոնթ­րէա­լի մէջ եւս կը մտնէ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ, նախ՝ Ecole normale Jacques Cartier, ա­պա՝ L'Université du Québec à Montréal հա­մալ­սա­րա­նը, ուր կը հան­դի­սա­նայ հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քի հիմ­նա­դիր­նե­րէն մին, եւ ուր 24 տա­րի­ներ կը դա­սա­ւան­դէ ա­նընդ­մէջ, իբ­րեւ մնա­յուն փրո­ֆե­սոր[2]։

1 Յուլիս 2017-ին, Մոնրէալի մէջ կը կնքէ իր մահկանացուն:[3] :

խմբագ­րա­կան կազ­մի աշխատակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բա­ցի իր ա­կա­դե­մա­կան աշ­խա­տան­քէն, ըն­կե­րու­հի ­Շա­քէ կը շա­րու­նա­կէ մաս կազ­մել մե­ծա­թիւ հայ­կա­կան թեր­թե­րու եւ պար­բե­րա­կան­նե­րու խմբագ­րա­կան կազ­մե­րուն, ինչ­պէս՝ «Ա­կօս», The Armenian Review, The Canadian Slavonic Papers, La Cause Armenienne, եւ «­Հո­րի­զոն» շա­բա­թա­թեր­թի գրա­կան յա­ւե­լո­ւա­ծը։ ­Միա­ժա­մա­նակ՝ ան իր յօ­դո­ւած­նե­րով կ­՚ե­րե­ւի «Ազ­դակ»ի, «Այգ»ի, «­Յա­ռաջ»ի, «Ազ­դա­րար»ի եւ «­Հո­րի­զոն»ի է­ջե­րուն[2]։

Համազգային եւ Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ունեցած է աշխուժ գործունէութիւն Համազգայինի Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի շարքերուն մէջ[3]: 1970ին կ­՚ընտ­րո­ւի ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ, եւ այդ պաշ­տօ­նը կը վա­րէ մին­չեւ 1986[2]:

Բարձրաստիճան պաշտօններ եւ անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

­Դոկտ. ­Շա­քէ ­Տէր-­Մել­քո­նեան-­Մի­նա­սեան 1972-1978 փոխ-նա­խա­գահն է Conseil des ecoles ethniques de Montreal մարմ­նին, 1974-1986՝ ան­դամ Comite consultatif de ministere de l’immigration du Quebecին, 1976-1978՝ ան­դամ Communication jeunesseի վար­չու­թեան, 1981-1984՝ իր բա­ժան­մուն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը Conseil des etudes of the Universite du Quebecին, եւ 1990-1994՝ ան­դամ Ville St. Laurentի Liberal կու­սակ­ցու­թեան տե­ղա­կան վար­չու­թեան[2]։

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկ­տոր ­Շա­քէ ­Տէր-­Մել­քո­նեան-­Մի­նա­սեա­նի հա­րուստ վաս­տա­կին մաս կը կազ­մեն իր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը, թարգ­մա­նու­թիւն­ներն ու հա­տո­րով լոյս տե­սած գոր­ծե­րը։ Նշենք՝ «ՕՂԱԿՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԿԱՄ ՎԱՂԱՐՇ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՅՈՑ» (Գ.Մ.Գ.Մ. թիւ 41):[4], Հայերէնի գիրքս - ԸՆթերցարան - Հինգերորդ Կարգ [5]

Մրցանակ, կոչում, պարգեւ եւ շքանշան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1996ին ան ստա­ցած է Montreal Citizenship Councilի Outstanding Citizen մրցա­նա­կը, 1997ին Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի եւ ­Գա­նա­տա­յի կի­լի­կեան թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը զինք հռչա­կած է «­Տա­րո­ւան կի­նը», նոյն տա­րին, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Կա­թո­ղի­կո­սը ի­րեն պար­գե­ւած է «­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց» շքան­շա­նը, իսկ 2004ին, ան մե­ծա­րո­ւած է ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան շքան­շա­նով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Hamazkayin Armenian Educational and Cultural Society[permanent dead link]