Jump to content

Նուպար Աֆէեան

Նուպար Աֆէեան
Ծնած է 25 Յուլիս 1962(1962-07-25)[1] (62 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր ՄաքԿիլ Համալսարան
Մասաչուսեթսի արհեստագիտական հիմնարկ
Կարողութիւն բարերար
Մասնագիտութիւն Քիմիական ճարտարագիտութեան եւ կենսաքիմիական ճարտարագիտութեան կենսա-փորձագիտութիւններու կաճառ
Աշխատավայր Ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար: Ձեռնարկատէր
Ծնողներ Պատրիկ Աֆէեան

Դոկտոր Նուպար Աֆէեան (25 Յուլիս 1962(1962-07-25)[1], Պէյրութ, Լիբանան), ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար: «Flagship Ventures» ընկերութեան ղեկավար գործընկեր: Ան մաս կը կազմէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան ու միեւնոյն ժամանակ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն մին է։ Նուպար Աֆէյեան իր պատանեկութեան տարիներուն Պէյրութի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասին մաս կազմած է, ապա ատենապետը եղած է Պոսթընի Ս. Ստեփանոս ազգային վարժարանին եւ միաժամանակ բարերարը՝ նոյն վարժարանի մանկապարտէզի բաժնին։

Դոկտոր Նուպար Աֆէեանի հայրը՝ Պատրիկ Աֆէեան 1929 թուականին ծնած է Պուլկարիոյ մէջ։ Ան զբաղած է գործարարութեամբ՝ հաւկիթներ ներածելով Թուրքիայէն Պուլկարիա։ Իսկ Նուպար Աֆէեան Միացեալ Նահանգներէ ներս կենսաթեքնիկ եւ կենսաբանական գիտութիւններու բնագաւառի յառաջատար ձեռներէցներէն մին է։

Դրուատիքով կը շեշտուի, որ ազգութեամբ հայ Նուպար Աֆէեանի ընտանիքի արմատները կը ձգուի մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն։ Ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտած են պնդումներ, ըստ որոնց Նուպար Աֆէեանի մեծ հայրը եղած է օսմանեան բանակի բժիշկներէն մին։ 1977 թուականին ընտանիքը տեղափոխուեր է Մոնրէալ, Գանատա:

1983 թուականին ամերիկեան աշխարհահռչակ համալսարաններէն մէկուն՝ Մասաչուսեցի Մաքկիլ համալսարանէն՝ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսի աստիճան ստացեր է քիմիական ճարտարագիտութեան մէջ։ Այնուհետեւ Նուպար Աֆէեան 1987 թուականին դոկտորականի թեզը պաշտպանած է Մաքկիլ համալսարանի կենսաքիմիական ճարտարագիտութեան կենսա-փորձագիտութիւններու կաճառի (MIT) մէջ։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտոր Աֆէեանը մասնակցած է կենսաբանական ուղղութիւն ունեցող 20-էն աւելի յաջողակ գիտական եւ ճարտարագիտական հաստատութիւններու հիմնադրութեան եւ կայացման։

Հիմնած եւ ղեկավարած է կենսաբանական սարքաւորումներու եւ գործիքներու արտադրութեան ոլորտի առաջատար PerSeptive Biosystems կազմակերպութիւնը, եղած է Applera-ի գլխաւոր փոխնախագահ եւ տնօրէն, նախաձեռնած եւ վերահսկած է Celera Genomics ընկերութեան ստեղծումը։

Flagship-ի ներդրումային (portfolio) պաշտօնէութեան կամ նախարարութեան կազմի մէջ մտնող Affinnova, BG Medicine, Bind Biosciences, Ensemble Discovery, Helicos BioSciences, Joule Biotechnologies, LS9 եւ Eleven Biotherapeutics ընկերութիւններու տնօրէն է։

Մասաչուսեցի ճարտարագիտական հիմնարկի Սլոն կառավարման դպրոցին մէջ (MIT Sloan School of Management) կը դասաւանդէ «ձեռներէցութիւն» նիւթը[2]։

Ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ դոկտոր Նուպար Աֆէեան խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ ձեռներէցութեան, նորարարութեան, նախաձեռնողական դրամագլուխի, կենսաքիմիայի, ճարտարագիտութեան, դեղագործութեան, բժշկական փորձագիտութիւններու եւ վերամշակուող ուժանիւթի խնդիրներուն շուրջ։

2015 թուականին Ռուբէն Վարդանեանի եւ Վարդան Գրիգորեանի հետ հիմնած է «100 կեանք» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը[3]։

«Moderna Inc.» ընկերութիւնը եւ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ -19 պատուաստանիւթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Therapeutics կենսաբանական եւ գիտահետազօտական ընկերութիւնը, որ հիմնուած է Մասաչուսէթս նահանգի Քեմպրիճ քաղաքին մէջ, առաքած է COVID-19 mRNA-1273 կոչուած պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակները: Moderna Therapeutics-ի համահիմնադիրն ու նախագահը ամերիկահայ Դոկտոր Նուպար Աֆէեանն է:[4]

Պատուաստանիւթը ստեղծուած է 42 օրուան մէջ։ Առաջին սրուակները ուղարկուած են ԱՄՆ Դիւրազգացութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկ (National Institute of Allergy and Infectious Diseases), որ Ապրիլին պիտի պատրաստէ պատուաստանիւթերը մարդոց վրայ փորձելու համար:

Անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մասաչուսէթսի ճարտարագիտական հիմնարկի ճարտարագիտական նորամուծութիւններու Deshpande կեդրոնի անդամ
  • Մասաչուսեթսի ճարտարագիտական հիմնարկի Ուայթհեդ ինստիտուտի անդամ
  • Մոսկուայի «Սքոլքովո» կառավարման դպրոցի խորհրդատուական կոմիտեներու անդամ
  • Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի անդամ
  • Ամերիապանքի խորհուրդի անդամ, 2010
  • Դիլիջանի միջազգային դպրոցի խորհուրդի անդամ
  • Ellis Island պատուոյ մետալ[5], 2008
  • ճարտարագիտական նախաձեռնութեան մրցանակ Համաշխարհային տնտեսական ժողովի կողմէն, 2012
  • ՀՀ վարչապետի Յուշամետալ
  • «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի շքանշան (թիւ 1) (2014)[6]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]