Նուէր Սիլահլը
Նուէր Սիլահլը | |
---|---|
Ծնած է | 1973 |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ |
Նուէր Սիլահլը-Տատուրեան (1973), հայ բանաստեղծ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պոլիս, ուսանած է տեղւոյն «Տատեան» եւ «Սահակեան-Նունեան» վարժարաններուն մէջ, ապա վկայուած որպէս ճարտարապետ՝ Պոլսոյ «Եըլտըզ Թեքնիք» համալսարանէն։
Փոքր տարիքէն սիրած է նկարչութիւնը եւ իր ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են անհատական ու հաւաքական ցուցահանդէսներու մէջ[1]․ 1988-էն սկսեալ երեք տարի աշակերտած է արուեստագէտ Քրիստին Սալէրիի։ Ներկայիս կը շարունակէ հետեւիլ Համալսարանի նկարչութեան դասընթացքներուն։
Ամուսնացած է Նորայր Տատուրեանի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով։ Անոնք այժմ կ'ապրին Փասատինա, ԱՄՆ։
Ստեծագործութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրել սկսած է նախակրթարանի տարիներէն։ Առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակուած է 1982-ին «Նոր Մարմարա» օրաթերթին եւ «Նոր Սան» պարբերաթերթին մէջ, որուն խմբագրական մարմնին մաս կը կազմէ։
1990-ին, Տ. Շնորհք Ս. Պատրիարք Գալուստեանի անուան, արձակ եւ չափածոյ գրութիւններու մրցոյթներուն՝ շահած է առաջնութեան երկու մրցանակներ։ Իսկ «Նոր Սան»ի կողմէ կազմակերպուած հարցրազրոյցի մրցանքին հանդիսացած է երկրորդ։
Ն. Սիլահլը պոլսահայ նոր սերունդի տաղանդաւոր բանաստեղծներէն մին է։ Ինքնատիպ ոճ, գաղափարի նորութիւններ եւ սրամտութիւն գլխաւոր յատկանիշերը կը կազմեն իր քերթողութեան։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Շնորհահանդէս՝ Նուէր Տատուրեանի «Ալեկոծ» Հատորին, 27-Մարտ-2015»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-03
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։