Նուաղում

Նուաղումը (Fainting), որ կը կոչուի նաեւ ուշագնացութիւն, գիտակցութեան ժամանակաւոր կորուստ է: Անիկա պայմանաւորուած է ուղեղի արեան հոսքի յանկարծակի նուազումով: Պատահարը սովորաբար կը տեւէ քանի մը երկվայրկեան կամ վայրկեան:

Նուաղումի պարագաներուն մեծ մասը մտահոգութեան պատճառ չէ:

Ուշագնացութեան սահմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նուաղումը կարճ ժամանակով գիտակցութեան կորուստն է: Այդ մէկը պայմանաւորուած է ուղեղի արեան հոսքի յանկարծակի անկումով: Նուաղումէ ետք սովորաբար մարդը կը սթափի եւ կը վերադառնայ իր բնականոն վիճակին:

նուաղումի նախազգուշական նշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Պաղութիւն զգալ մարմինին վրայ,
  • գլխապտոյտ ունենալ,
  • թեթեւ գլխապտոյտ ունենալ,
  • յանկարծակի տաք քրտինք ունենալ,
  • սիրտ խառնուք ունենալ,
  • ընկճուած կամ անհանգիստ զգալ,
  • թուլութիւն զգալ,
  • իյնալ,
  • գլխացաւ ունենալ,
  • տեսողութեան փոփոխութիւններ ունենալ («սեւ» կամ «աստղեր տեսնել»),
  • ունենալ ականջներու զրնգոց,
  • կորսնցնել մկաններու վերահսկողութիւնը:

Նուաղումի ամէնէն տարածուած պատճառները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սովորաբար նուաղումը լուրջ առողջական խնդիրի նշան չէ, բայց կրնայ նաեւ ըլլալ:

Ուշագնացութեան ամէնէն տարածուած պատճառը արեան ճնշման յանկարծակի անկումն է, որ կը նուազեցնէ արեան հոսքն ու թթուածինը դէպի ուղեղ[1]:

Կան բազմաթիւ պատճառներ արեան ճնշման անկումին, որ կրնայ յանգիլ գիտակցութեան ժամանակաւոր կորուստի:

Սիրտի ուշագնացութիւն. այս տեսակի ուշագնացութիւնը կը ներառէ ուշագնացութիւն` սիրտի խնդիրի պատճառով:

Սիրտի շատ մը հիւանդութիւններ կրնան ազդուիլ դէպի ուղեղ գացող թթուածինի պակասէն:

Քներակ (carotid) սինուսի ուշագնացութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս տեսակի ուշագնացութիւնը կրնայ յառաջանալ, երբ վիզի քնային զարկերակը կը սեղմուի (կը կծկուի): Քներակը արիւնատար անօթ է, որ կը մատակարարէ ուղեղը: Ուշագնացութեան այս տեսակը կրնայ յառաջանալ, երբ մէկը շատ նեղ օձիքով քազակ հագած է, վիզը շատ կը քաշէ կամ կը դարձնէ, կամ վիզին մէջ ունի ոսկոր մը, որ կը սեղմէ զայն:

Իրավիճակային ուշագնացութիւն. որոշ մարմնական շարժումներ կամ գործառոյթներ կրնան բնականաբար յառաջացնել արեան ճնշման անկում, որ կրնայ ի վերջոյ յանգիլ ուշագնացութեան: Այդ մէկը կրնայ ըլլալ, օրինակ, երբ մարդ կը միզէ, կը կղկղէ, կը հազայ կամ սթրեչ (առաձգականուիլ) կ'ընէ:

Անօթաթափառողի ուշագնացութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասիկա կրնայ յառաջանալ, երբ մարդ սթրեսային իրադարձութիւն մը կ'ապրի, օրինակ` արիւն տեսնելը, յուզական սթրես, ֆիզիքական կամ յուզական հոգեխոց կամ ցաւ: Սթրեսային իրադարձութիւնը կը խթանէ մարմնական ռիֆլեքսը, որ կը կոչուի անօթաթափառողի հակազդեցութիւն: Սիրտը կը դանդաղի եւ աւելի քիչ արիւն կը մղէ, ուստի արեան ճնշումը կը նուազի: Այնուհետեւ ուղեղը բաւարար քանակութեամբ թթուածինով արիւն չի ստանար, եւ մարդը կը նուաղի:

Նուաղման այլ հնարաւոր պատճառներէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որոշ դեղատեսակները, ինչպիսիք են`

  • միզամուղները (diuretics),
  • կրածինի (calcium) ալիքներու արգելափակիչները եւ անճիոթենսենը փոխակերպող էնզայմի (ACE) արգելափակողները (յաճախ կ'օգտագործուին արեան գերճնշման պարագային):
  • Նիթրաթները (սիրտի հիւանդութեան համար), հոգեբուժական դեղատեսակները, հակահիսթամինները` գերզգայնութեան համար եւ կարգ մը ցաւազերծողներ:
  • Չորացումը կամ մարմինի բարձր ջերմաստիճանը:
  • Ջղաբանական վիճակ, ինչպիսին է նոպաներու խանգարումը, հակառակ որ այդ մէկը հազուադէպ է:
  • Արեան շաքարի կտրուկ անկումը (ինչպէս կրնայ պատահիլ շաքարախտով հիւանդ մարդու մօտ):

Նուաղում պատճառող վարժութիւններէն`

  • Չափէն աւելի կերակուր չուտելը:
  • Գերօդարկումը (Hyperventilation) (շատ արագ շնչելը):
  • Աշխատիլ, խաղալ կամ շատ ծանր ձեւով մարզուիլ` յատկապէս տաք օդին:
  • Շատ արագ ոտքի կենալը:
  • Ալքոլի, մարիխուանայի կամ անօրինական թմրանիւթերու օգտագործումը:
Նուաղելու պարագային դիմել հետեւեալ միջոցներուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ստուգել, եթէ շնչուղիները բաց են:
  • Ստուգել, եթէ անհատը կը շնչէ:
  • Ստուգել, եթէ սիրտը կը բաբախէ:
  • Անհրաժեշտութեան պարագային շտապ օգնութիւն կանչել:

Երբ մէկը նուաղի, ապա արթննայ`

  • Խրախուսել զինք, որ նստի կամ պառկի 10-15 վայրկեան (երբեմն աւելի երկար, մինչեւ՝ ախտանիշներու անհետանալը):
  • Ստուգել որեւէ վնասուածք, որ կրնայ բժշկական օգնութեան կարիք ունենալ (օրինակ` գլխու վնասուածք կամ կտրուածք):
  • Առաջարկել իրեն նստիլ ուղիղ եւ գլուխը իջեցնել ուսերէն վար` ծունկերուն մէջ:
  • Առաջարկել սառ կամ պաղ ջուր[2]:
Նուաղումը կանխարգիլելու միջոցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եթէ շատ արագ ոտքի կենալը նուաղում կը պատճառէ, խուսափիլ անկէ` ժամանակ յատկացնելով:

Նուաղումը կանխարգիլելու որոշակի ռազմավարութիւններ`

  • բռունցք ընել,
  • պրկել ձեռքերը,
  • ոտք-ոտքի դնել:
Դիմել Բժիշկի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խօսիլ բուժաշխատողին հետ, եթէ նուաղելէ ետք կան հետեւեալ ախտանիշներէն մէկը.

Բուժաշխատողին տեղեկացնել գիտակցութեան կորուստի մասին, եթէ անհատը

  • յղի է,
  • ունի շաքարախտ,
  • ունի սիրտի կամ արեան ճնշման հարց:

Նուաղումը կամ ուշագնացութիւնը սովորաբար պայմանաւորուած է արեան ճնշման անկմամբ:  Բան մը, որ կը նուազեցնէ արեան հոսքն ու թթուածինը դէպի ուղեղ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]