Jump to content

Նոր Տիգրանակերտ

Նոր Տիգրանակերտ
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1918

«Նոր Տիգրանակերտ», տեղեկատու հանդէս։ Տիգրանակերտի հայրենակցական եւ վերաշինաց միութեան կեդրոնական վարչութեան հրատարակութիւն[1]։

Լոյս տեսած է 1918-1940 թուականներուն Պրուքլինի, ապա՝ Նիւ Եորքի մէջ։ Խմբագիրները եղած են Եղիշէ Տեպաշեան, Հ. Ստամպոլեանը։

Լուսաբանած է միութեան եւ մասնաճիւղերու աշխատանքները, համագործակցած ՀՕԿ-ի ընդհանուր վարչութեան հետ, հրապարակած միութեան պատգամաւորական ժողովներու նիւթերը, յանձնարարականներ, հանգանակութիւններու ցուցակներ եւ այլն։ Նպաստած է հայաստանաբնակ եւ սփիւռքաբնակ տիգրանակերտցիներու միջեւ կապերու հաստատման, աջակցած է ներգաղթին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Նոր Տիգրանակերտ», մարտ 1935 թվական

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։