Jump to content

Նոր Արաքս

Նոր Արաքս
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1945
Գրասենեակ Լառնաքա, Կիպրոս

«Նոր Արաքս», կիսամսեայ թերթ։

Լոյս տեսած է 1945-1949 թուականներին Լառնաքայի մէջ (Կիպրոս)։ Խմբագիրը եղած է Հայկ Մոստիչեանը։

Պարբերականը ընթերցողին ծանօթացուցած է Խորհրդային Հայաստանի առօրեային, անոր գոյութիւնը ու բարգաւաճումը համարած Սփիւռքի հայապահպանութեան երաշխիքը։ Աջակցած է ներգաղթին, պատմած հայրենիք վերադարձած կիպրոսահայերու մասին, տպագրած անոնց նամակները։

«Նոր Արաքս» պարբերականը մեծ տեղ յատկացուցած է երաժշտութեան, կերպարուեստին, կինոյին, խորհրդահայ հեղինակներու գեղարուեստական գործերուն նուիրուած հրապարակումներուն։ Առանձին նիւթեր լոյս տեսած են անգլերէն։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։