Նոր Այնթապ (հանդէս)

Նոր Այնթապ
Տեսակ պարբերաթերթ
Խմբագիր Գրիգոր Պողարեան, Երուանդ Պապայեան, Վարդան եպս․ Տէմիրճեան, Լեւոն Վարդան եւ Թորոս Թորանեան
Հիմնադրուած է 1960

«Նոր Այնթապ», պատկերազարդ հանդէս։ Ամերիկաբնակ (1982 թուականէն՝ լիբանանաբնակ) այնթապցիներու Հայրենակցական Միութեան հրատարակութիւն։ Լոյս կը տեսնէ 1960 թուականէն (ընդհատումներով), մինչեւ 1971 թուական՝ «Հայ Անթապ»։

Առաջին 6 թիւերը հրատարակուած են Պոսթըն (ԱՄՆ), 1962 թուականէն՝ Պէյրութ։ Խմբագիրներ՝ Գրիգոր Պողարեան, Երուանդ Պապայեան, Վարդան եպս․ Տէմիրճեան, Լեւոն Վարդան եւ Թորոս Թորանեան։

Կը լուսաբանէ հայ գաղթավայրերու կեանքը, Հայաստանի անցուդարձը, առանձնայատուկ տեղ կը յատկացնէ Այնթապ աւանին ու անոր առօրեային։ Արտատպումներ կը կատարէ հայաստանեան մամուլէն։ Ունի գրական-բանասիրական բաժին։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։