Նո­յեան տա­պան

1846 նկար ամերիկացի ժողովրդական նկարիչ Էտուարտ Հիքսի գործերէն, որ կը պատկերէ կենդանիներուն Նոյեան Տապան բեռնելը զոյգերով։

Նոյեան տապան (դասական եբր.՝ תיבת נח‎, թեյվաթ նոահ), Ծննդոց գիրքին մէջ (6-9 գլուխներ) եւ աւելի ուշ գրառուած Ղուրանի մէջ (Հուտի եւ Ալ-Մումինուի սուրաներուն մէջ) նկարագրուած նաւ։

Ըստ Աստուածաշունչի Նոյ նահապետ կառուցած է անիկա Աստուծոյ հրամանով փրկելու զինք, իր ընտանիքը եւ երկիրի անասունները համաշխարհային Մեծ Ջրհեղեղէն։

Աստուածաշունչը կը նշէ նաեւ, որ ջրհեղեղէն ետք տապանը հանգչած է «Արարատ լերան» վրայ։

ԺԹ. դարէն սկսեալ Նոյեան տապանը գտնելու յոյսով բազմաթիւ արշաւախումբեր բարձրացած են Արարատ լեռ։ Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորն է ամերիկացի աստղագնաց Ճէյմս Իրվինը։

Armenian icon 32, The ark of Noah, 1643-1646.jpg

Աստուածաշնչեան պատմուածքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Աստուածաշունչին, այդ օրերուն տեղի կ'ունենայ մարդուն բարոյական մեծ անկումը, երբ երկրի երեսին մարդիկ կը սկսին մտածել միայն չարագործութիւններուն մասին։

Aquote1.png Աստուած կը տեսնէ, որ մարդոց չարութիւնը շատցած է երկրի վրայ, եւ անոնց սիրտերը միշտ հակած են միայն դէպի չարը։ Ուստի Աստուած կ'ափսոսայ, որ երկրի վրայ ստեղծած է մարդը, ու ցաւ կը զգայ իր սիրտին մէջ:
- Ծննդոց 6:5,6
Aquote2.png


Այդ օրերուն մարդ մը կար Նոյ անունով, որ արդար եւ մաքուր էր իր տեսակին մէջ եւ հաւատարիմ էր տիրոջ.

Aquote1.png Այն ատեն Աստուած կ'ըսէ Նոյին. «Ամէն մարմինի վերջը եկած է, որովհետեւ անոնց պատճառով երկիրը բռնութեամբ լեցուած է, ուստի ես պիտի կործանեմ զանոնք երկիրին հետ միասին։ Քեզի համար տապան մը շինէ խիժաբեր ծառի մը փայտէն։ Տապանին մէջ բաժանմունքներ շինէ եւ զայն դուրսէն ու ներսէն կուպրով պատէ։ Այսպէս շինէ զայն. տապանին երկայնքը երեք հարիւր կանգուն, լայնքը՝ յիսուն կանգուն եւ բարձրութիւնը երեսուն կանգուն։ Տապանին համար ցոհար շինէ եւ աւարտէ զայն՝ վերէն մէկ կանգուն ձգելով։ Տապանին մուտքը կողմէն շինէ։ Տապանին մէջ ներքնայարկ շինէ, երկրորդ յարկ եւ երրորդ յարկ:
- Ծննդոց 6:13-16
Aquote2.png


Նոյ ամէն ինչ կ'ընէ այնպէս, ինչպէս իրեն պատուիրած է Աստուած։ Շինարարութեան աւարտէն ետք Աստուած Նոյին կ'ըսէ, որպէսզի ան մտնէ տապանին մէջ՝ իր կնոջ եւ որդիներուն հետ։ Բացի ատկէ, տապանին մէջ կը հաւաքէ նաեւ բոլոր անասուններէն մէկ զոյգ։ Ան նաեւ պէտք է սնունդ հաւաքէր իրենց եւ անասուններուն համար։ Անկէ ետք Աստուած ջուրով կը ծածկէ երկիրը. «ջուրերը այն աստիճան հեղեղեցին երկիրը, որ ծածկեցին երկինքի տակ գտնուող բոլոր բարձրաբերձ լեռները»[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Աստուածաշունչ, Գիրք Ծննդոց, Գլուխ 7-րդ

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]