Ծննդոց

Ծննդոց Աստուածաշունչը կը բաժնուի երկու մասի. Հին եւ Նոր Կտակարան:

Հին Կտակարանը կը խօսի օրէնքներու եւ հրեաներուն պատմութեան մասին, իսկ Նոր Կտակարանը կը խօսի Քրիստոսի մասին: Հին կտակարանը կը բաժնուի երեք մասի՝ Թորահ, այսինքն՝ Մովսէսի օրէնքները Մարգարէութիւն եւ գիրքեր:

Թորահ

Թորահը օրէնքներու այն բաժինն է, որ կը ներառէ Ս. Գիրքին առաջին 5 գիրքերը, զորս Մովսէս մարգարէն գրած էր: Օրէնքներու գիրքերն են՝ Ծննդոց, Ելից, Ղեւտացւոց, Թուոց եւ Երկրորդ օրինաց:

Ծննդոց գիրքը Մովսէս ինք գրած էր եւ անկէ առաջ արդէն գրականութիւն չկար, բանաւոր կերպով կը փոխանցուէր ամէն ինչ. Մովսէսով կը սկսի գրականութիւնը:

Մովսէս Մարգարէն

Մովսէս Եգիպտական անուն մըն է, որ կը նշանակէ ջուրէն առնուած: Ան առաջնորդն էր Եբրայական ժողովուրդին: Իր անունը այդպէս դրուած է, որովհետեւ այդ օրերուն Եգիպտացիները մանուկները կը սպաննէին, սակայն Մովսէսը չէին կրցած սպաննել, որովհետեւ իր ծնողքը Նեղոս գետին մէջ դնելով փախցուցած էին զինք: Ճամբուն ընթացքին, փառաւոնին դուստրը գտնելով զինք, կոչած է Մովսէս (հմմտ. Ելից 2:10):  Մովսէսին կեանքը կը բաժնուի երեք մասերու.

1.     Առաջին շրջանը մինչեւ 40 տարեկան:

2.     Մովսէս 40 տարեկանէն մինչեւ Հրեաներուն ելքը:

3.     Իր կեանքին վերջին տարիները:

Ան ապրած է ջարդի ատեն, եւ ազատելով հասած է փառաւոնին քով, ուր Եգիպտացի մը սպաննելով մեկնած է Քեփրոն եւ հոն մնացած՝ մինչեւ իր 40 տարեկան ըլլալը: Անկէ ետք սկսած է իր կեանքին երկրորդ շրջանը, ուր Աստուած զինք կանչած է, որպէսզի ազատէ հրեայ ժողովուրդը Եգիպտացիներէն. երկար փորձերէ ետք, յաջողած է ելլել Եգիպտոսէն: Աստուած այդ շրջանին իրեն տուած է 10 պատուիրանները եւ բոլոր այն օրէնքները, որոնք իր օրով կը սկսին գրի առնուիլ: Ապա ան առաջնորդած է Իսրայէլի ժողովուրդը Սինայի անապատը, ուր ժողովուրդին ուզածները կատարած է. վերջաւորութեան Աստուած զինք սպաննած է եւ իր գերեզմանը անյայտ է:

Ծննդոց գիրքին կանոնականութիւնը

Ծննդոց գիրքը ընդունուած է իբրեւ կանոնական գիրք՝ թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ Սամարացիներուն կողմէ, նաեւ Քրիստոնեայ եկեղեցին զայն ընդունած է իբրեւ սուրբ գրութիւն: Բնաւ անոր շուրջ հարցադրումներ չեն եղած, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէր, թէ Մովսէս Աստուծոյ առաջնորդութեամբ գրած էր զայն եւ Աստուածային գիրք մըն էր՝ ինչպէս միւս հնգամատեանը:

Ծննդոց գիրքին օղակները

Ծննդոց գիրքը կը բաժնուի երկու օղակի. առաջինը, ուր կը բացատրէ ստեղծագործութիւնը եւ մարդուն բնութիւնն ու իրականութիւնը. զետեղուած է Ծննդոցի 1 էն մինչեւ 11, իսկ երկրորդը օղակը՝ կը բացատրէ Իսրայէլի ժողովուրդին ինքնութիւնը:

Ստեղծագործութեան օղակը կը բաժնուի չորս պզտիկ օղակներու.

Առաջինը, կը պատմէ, թէ ինչպէս Աստուած ստեղծեց մարդը հողէ եւ կանգնեցուց զայն դրախտին մէջ: Երկրորդ պզտիկ օղակը կ'ըսէ, թէ ինչպէս չարը աշխարհ մտաւ, երբ մարդը չարին մտիկ ընելով շեղեցաւ Աստուծոյ լոյսէն: Իսկ երրորդ օղակը կը բացատրէ, թէ ինչպէս մարդը Աստուծոյ աչքը մտնելու համար, սպաննեց եղբայրը, Կայէնի եւ Աբելի դրուագով, երբ առաջին արիւնը կը թափի գետնին վրայ: Իսկ վերջին օղակը կը պատմէ, թէ Աստուած ինչպէս կը սրբէ աշխարհին մեղքերը, եւ Նոյի միջոցով կ'օրհնէ ամբողջ աշխարհը: Հոս  կ'աւարտի առաջին մեծ օղակը՝ Ստեղծագործութեան օղակը:

Երկրորդ օղակը Իսրայէլի նախահայրերուն մասին է, ուր Աստուած կ'ընտրէ Աբրահամը իբրեւ իր ժողովուրդին նախահայրը: Երկրորդ օղակը կը բաժնուի չորս պզտիկ մասերու. առաջին մասին մէջ Աստուած Աբրահամը կը կանչէ եւ Քանան կ'երթայ, եւ Աստուած խոստում կու տայ, թէ այդ երկիրը իր սերունդին պիտի տայ: Երկրորդ մասին մէջ Աբրահամ զաւակ մը կ'ունենայ՝ Իսահակ անունով եւ Իսահակ կ'ամուսնանայ Ռեբեքային հետ: Երրորդ մասին մէջ Իսահակ երկու զաւակ կ'ունենայ Եսաւն ու Յակոբը. հոն  կը գտնենք օրհնութեան պատմութիւնները եւ բաժանումը, Յակոբին ամուսնանալը Լիային եւ Ռաքելին հետ: Չորորդ մասը ամէնէն կարեւոր բաժինն է հրեաներուն համար, ուր Յակոբ 12 զաւակ կ'ունենայ եւ կը հիմնուին Իսրայէլի 12 ցեղերը Եգիպտոսի մէջ, Յովսէփին շնորհիւ: Կը պատմուի նաեւ Եբրայէցիներուն նեղութիւնները Յովսէփին մահէն ետք:

­­Ծննդոց գիրքին աւանդութիւնները

Աւանդութեան այս նպատակը չէր ընդունուած Հրեայ Քրիստոնէական մշակոյթին մէջ: Երկրորդ օղակին մէջ յայտնի կ'ըլլայ Եբրայական լեզուին մշակումը եւ զարգացումը: Այս զարգացումը մեծ դեր կը խաղայ պատմութեան մէջ, որովհետեւ աւելի ուշ, երբ հրեաները ազատ եւ անկախ երկիր կ'ունենան, անոնք իրենց պատմութիւնը կը սկսին միայն Եբրայերէնով գրուիլ եւ տարբեր լեզուով արգիլուած համարուիլ, ինչպէս նաեւ մարգարէութիւնը կը գրուի Եբրայերէնով: Նոյնիսկ երբ Բաբելոնի գերութեան տակ կ'իյնայ Հրեայ ժողովուրդը, անոնք կը պահեն իրենց աւանդական լեզուն եւ սուրբ գիրքն ալ Եբրայերէնով կը գրուի:

Հրեաներուն մօտ գեղեցիկ աւանդութիւն մը կայ, որ իրենց Աստուածը «Աստուած» չեն կոչած, այլ եբրայական անունով (ԵՀՈՎԱ),ինչպէս նաեւ հագարի փախուստին ատեն Աստուած ինքզինք յայտնած է «ادوناي» անունով, որ կը նշանակէ Տէր կամ արքայ: Նաեւ կայ ուրիշ անուն մը Աստուծոյ, որն է՝ «Իլոհիմ»:

Թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ՛ Քրիստոնեաներուն մօտ Ծննդոցը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Հնգամատեանը, պարզ պատմութիւններ չեն ոչ ալ կեղծ պատմութիւններ են, այլ՝ անոնք իրականութիւններ են, նոյնիսկ փիլիսոփայական նիւթեր չեն, այլ Աստուածային յայտնութիւններ են, ուր եկեղեցւոյ հայրերը կ'ըսեն, թէ գրուած է Սուրբ հոգիին ճամբով, համայն աշխարհին համար:

          

Ստեղծագործութիւնը

Աստուած վեց օրերուն մէջ ամէն ինչ կը ստեղծէ, Լոյսը, արեւը, լուսինը, թռչունները, կենդանիները, բոյսերը եւ մարդը. Աստուած մարդը կառավարիչ կը դնէ այդ բոլորին վրայ, ուստի մարդը ամէն ինչին տէր կը դառնայ, սակայն մարդը սատանայէն խաբուելով կը մեղանչէ, ուստի Աստուած կ'արտաքսէ զինք դրախտէն: Մարդը կ'աշխատի, եւ ինքն իր եղբայրը կը սպաննէ, եւ մեղք կը գործէ եւ անկէ ետք կամաց կամաց մեղքը կը մտնէ մարդկութեան մէջ, ուստի մարդը չար կ'ըլլայ, բացի Նոյ Աստուծոյ որդիէն: Այս է համայն ստեղծագործութեան ամփոփ ձեւը, ուր այստեղ կը սկսի տարբեր պատմութիւն մը, որ կը կոչուի Նոյի պատմութիւնը:

Նոյին պատմութիւնը

Մարդը կը չարանայ, ուստի Աստուած կ'ուզէ իր ստեղծագործութիւնը մաքրել ջրհեղեղով, սակայն Նոյին պատուիրելով ամբողջ  ստեղծագործութիւնը ազատելով, պէտք էր, որ պահէր անասունները: Երբ Աստուած  կ'ամբողջացնէ իր գործը թոյլ կու տայ ստեղծագործութեան, որ ետ աճի եւ բազմանայ, զայն օրհնելով, ուստի Աստուած մարդուն հետ կարեւոր ուխտ մը կ'ընէ, թէ պիտի չսպաննէ մարդը կրկին անգամ եւ նշան մը կու տայ, որ պիտի ազատէ զինք:

Բաբելոնի Աշտարակը

Ջրհեղեղէն ետք մարդը ետ կը դառնայ իր հին արարքին եւ կը չարանայ: Մարդը կը սկսի աշտարակ մը շինել, որպէսզի Աստուծոյ հասնի, սակայն երբ Աստուած կը տեսնէ, մարդոց լեզուներ կը բաժնէ եւ ամէն մարդ կը հեռանայ իր ընկերոջմէն: Այս դէպէն դուրս եկած են նահապետեր, թագաւորութիւններ ու ցեղախումբեր:

Նախահայրերն ու Նահապետերը

Ամէն ազգ ունի իր նախահայրը: Եբրայեցի ժողովուրդը կը բաժնուի 12 ցեղի. ունի իր նախահայրերը՝ Աբրահամ, Իսահակ, եւ Յակոբ:

Աբրահամ

Աբրահամ եղած է Հրեայ ժողովուրդին նախահայրը: Աստուած զինք Խառանէն Քանաան կ'առաջնորդէ, ուր  իրեն կը խոստանայ, որ այդ երկիրը իր սերունդին պիտի տայ, իբրեւ ժառանգութիւն: Սակայն Աբրահամ զաւակ չունէր եւ յուսահատած էր, բայց Աստուած կը վստահեցնէ իրեն, որ օր մը պիտի ունենայ: Աբրահամ զաւակ մը կ'ունենայ Ռաքէլ անունով ուրիշ կնոջմէ եւ զայն Իսմայէլ կը կոչէ, սակայն 100 տարեկանին զաւակ մը կ'ունենայ Սառայէն, որ Իսահակ կը կոչէ: Աստուած կը փորձէ Աբրահամը, որ կը յաջողի շահիլ Աստուծոյ վստահութիւնը: Աստուած Աբրահամին միջոցով կը կազմէ երկու ցեղ. Իսմայէլի ցեղը «Իսլամներուն նախահայրը» եւ Իսահակը՝ «Եբրայեցիներուն հայրը»:

Իսահակ

Իսահակը Աբրահամին որդին էր: Ան ամուսնացած էր Ռեբեքային հետ: Ան ունէր երկու զաւակ՝ Եսաւը եւ Յակոբոսը: Աստուած կը խոստանայ Իսահակին թէ այդ երկիրը Քանաանը իրեն եւ իր ժողովուրդին պիտի տայ որպէս ժառանգութիւն[1]:

Յակոբ

Յակոբը Իսահակին եւ Ռեբեքային որդին է: Իր անունը Յակոբ դրած են, որովհետեւ խաբեբայ էր: Յակոբ տնային գործերով կը զբաղէր, իսկ Եսաւ որսորդ էր: Յակոբ եղբօր անդրանկութիւնը կ'առնէ պնակ մը ապուրով հայրը խաբելով, որուն իբրեւ հետեւանք՝ ատելութիւն կը սկսի իր եւ Եսաւին միջեւ: Յակոբ իր մօրեղբօր՝ Լաբանին քով կ'երթայ,  ուր Աստուծոյ գործը կը տեսնէր: Լաբան կը սիրէր Յակոբը, սակայն կը խաբէ Յակոբը, իրեն տալով ուրիշ աղջիկ մը՝ Լիան, Ռաքէլին քոյրը: Սակայն Յակոբ Ռաքէլը կը սիրէր, ուստի կ'աշխատի եօթ տարի եւս, որ ամուսնանայ Ռաքէլին հետ: Աստուած կը տեսնէ, թէ Յակոբ Ռաքէլը կը սիրէ Լիայէն աւելի, ուստի Լիային որովայնը կը լեցուի մանուկներով, իսկ Ռաքէլը կը մնայ ամուլ: Լիան 10 զաւակ կը ծնի, իսկ քանի որ Աստուած կը խղճայ Ռաքէլին եւ Ռաքէլ կ'ունենայ երկու զաւակ Բենիամինը եւ Յովսէփը: Յակոբ կը մտածէր վերադառնալ եւ կը տեսնէ իր ընտանիքը, եղբայրը, որովհետեւ Աստուած օրհնած էր զինք, Աստուած տուած էր Յակոբին 12 մանչ զաւակ եւ մէկ դուստր, ինչպէս նաեւ ոչխարներ, արջարներ, կովեր եւ ձիեր: Սակայն երբ  Յակոբ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը իր ամբողջ հարստութեամբ, ճամբուն ընթացքին Յակոբ կը մարտնչի Աստուծոյ հրեշտակին դէմ, ուր կը յաղթէ հրեշտակին, հրեշտակը կ'օրհնէ Յակոբը եւ կ'անուանէ Իսրայէլ, իբր Աստուծոյ դէմ  պատերազմող եւ յաղթող: Աստուած Յակոբին ոտքին մկանին կը զարնէ, ուստի Յակոբ կը սկսի կաղալ: Նաեւ դժբախտութիւն մը կը կատարուի Յակոբին հետ, երբ իր եղբօր քով կ'երթար, իր կինը Ռաքէլ կը մահանայ, սակայն Աստուած պարգեւած էր Ռաքէլին երկու զաւակ: Յակոբ որովհետեւ կը սիրէր Ռաքէլը, կը սիրէր նաեւ անոր որդիները, աւելի քան Լիային զաւակները, սակայն ամէնէն շատ սիրած էր Յովսէփը, որովհետեւ Ռաքէլի զաւակներէն Բենիամինէն աւելի մեծ էր, ուստի անդրանիկն էր: Յակոբ կը մեծարէ Յովսէփը միւս բոլոր եղբայրներուն դիմաց. եղբայրները կը նախանձին իրմէ եւ կը փորձեն սպաննել: Այսպէս կը շարունակուի Յակոբին եւ Յովսէփին կեանքը, սակայն Յովսէփ հեռու էր իր տունէն, ուր իր եղբայրները ծախած էին զինք: Աստուած ինչպէս որ Յակոբին հետն էր, նաեւ Յովսէփին հետն էր: Աստուած Յովսէփը ազատեց ամէն չարիքէ, եւ զինք օրհնեց, ուստի Յովսէփ կառավարիչ եղաւ Եգիպտոսի վրայ: Սովի օրերուն, Ան կը հանդիպի իր ընտանիքին, ուր Յակոբ  իր բոլոր հարստութեամբ կու գայ Եգիպտոս, եւ հոն Եբրայեցի ժողովուրդը կը հիմնուի, ուր կը բազմանայ եւ կը զօրանայ[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]