Նշան Եաղուպեան

Նշան Եաղուպեան, Պոլսահայ բարձր ճարտարապետ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշան Եաղուպեան, ծնած է 1928-ին, Գատըգիւղ: Նախակրթութիւնը ստացած է Արամեան Ունճեան Վարժարանին մէջ։ 1948-ին շրջանաւարտ կ՚ըլլայ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանէն: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պոլսոյ «Եըլտըզ Թեքնիք», 1953-ին շրջանաւարտ, իրբրեւ Ճարտարապետ: Մինչեւ 1958 պաշտօնավարած է ազատ մարզի մէջ, 1959-70ական թուականներուն պաշտօնավարած է օտար երկիրներ:

1970 թուականէն ետք գործած է Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ Կատարած է Սաքարիայի քաղաքապետարանի, Էսքիշէհիրի մարզարանի, Նիղտէի, Մէրսինի, Պուրտուրի պետական հիւանդանոցներու, Օգմէյտանի եւ Իզմիթի հիւանդանոցներու, Աթաթիւրք Համալսարանի Ատամնաբուժական Ֆաքիւլթէի, գործարաններու, դպրոցներու, մարզասրահներու եւ այլ հնութիւններու վերանորոգութիւնը ու վերաշինութիւնը:

Ներկայիս կ'ապրի Պոլսոյ մէջ եւ իր աշխատանքները կը շարունակէ:

Մրցանակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բարձր Ճարտարապետ Նշան Եաղուպեան արժանացած է «2020 Ճարտարապետ Սինանի Անուան Մեծ Մրցանակին»[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2021-10-14 
  2. ԲԱՐՁՐ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ