Jump to content

Արամեան-Ունճեան Վարժարան

(Վերայղուած է Արամեան Ունճեան Վարժարան-էն)
Արամեան-Ունճեան Վարժարան
Տեսակ ուսումնարան? և դպրոց
Հիմնադրուած է 1874 և 1858
Երկիր  Թուրքիա
Տեղագրութիւն Գատըգիւղ
Հասցէ Leylek Sokak 5

Արամեան-Ունճեան Վարժարան, Գատըգիւղ, Պոլիս, Թուրքիա կը գտնուի[1]:

1858 ին Գատըգիւղի Ս.Թագաւոր տաճարին շրջափակին մէջ կը կառուցուի առաջին կանոնաւոր ազգային վարժարանը, Համազասպեան Մուրատեան անունով: Համազասպեանը՝ մանչերու յատուկ, Մուրատեանը՝ աղջկանց յատուկ:

Ժամանակի ընթացքին գիւղին բնակչութիւնը զգալաբար կը բազմանայ Սկիւտարի հրդեհին եւ 1700էն ի վեր գաւառէն Կ.Պոլիս հասնող հայերուն պատճառաւ: Ուստի հարկ կը դառնայ եկեղեցիէն հեռու Ռըզա Փաշա թաղին մէջ ընդարձակ հող մը գնել, որուն վրայ կը կառուցուի վարժարանը, քարաշէն երեք յարկով: Շինութիւնը կը վերջանայ 1872ին, բայց դրամական միջոցները պակսած ըլլալուն դպրոցը չի բացուիր:

« Զապէլ Թագուհին » անունով թատրերգութեան մը ներկայացումին հասոյթովն է որ կարելի կ’ըլլայ նորակառոյց վարժարանը բանալ 1873ին կոչելով Արամեան:

Այդ շրջաններուն Պոլիսի զանազան թաղերուն մէջ իրարու ետեւէ բացուած են նախակրթարաններ սուրբերու եւ բարերարներու անունով, բայց Արամեանը կը զատուի այս բոլորէն իր պատմական անունով: Ասիկա անունն է մեր դիւցազն Արամ Նահապետին, որով մկրտուած կը տեսնենք գաւառի մեր վարժարաններէն շատերը, ինչպէս՝ Ակնայ, Կեսարիոյ, Ատաբազարի եւլն.

1912ին Գատըգիւղի յարգարժան թաղեցիներէն Մաթուս Էֆէնտի Ունճեան, եղբօրը՝ Աբիկ Էֆէնտի Ունճեանի հետ կը գնեն վարժարանին ետեւը գտնուող Յունաց նախկին ակումբի շէնքը եւ կը նուիրեն Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ, ի յիշատակ իրենց քրոջը՝ Նեկտարինէ Ունճեանի: Կառուցուելիք շէնքը պիտի ծառայէ իբր աղջկանց վարժարան: Այսպիսով դպրոցին անունին քով կ’աւելցուի Ունճեաններու անունը եւ կ’ըլլայ Արամեան-Ունճեան:

Արամեան-Ունճեան նախակրթարանը 1957ին ութնամեայ Միջնակարգի կը վերածուի, տնօրէն Վահրամ Պուրմաեանի ջանքերով:

Ժամանակի ընթացքին բաւական հինցած շէնքը ( որ արդէն վտանգաւոր դարձած էր ) նորոգելու պարագան հետզհետէ կը յանգի արդիական եւ աւելի ընդարձակ շէնքի մը կառուցման գաղափարին: 1961ի ամրան շինութիւնը կը սկսի եւ կը վերջանայ 1962ի աշնան:

Յատակագիծը կը պատրաստեն եւ կառուցման հսկողութիւնը անձնուիրաբար կը ստանձնեն բարձր ճարտարագէտ Նշան Եաղուպեան ( նախկին փոխ ատենապետ Ս.Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի) եւ բարձր երկրաչափ Վահրամ Բօլաթ:

Վարժարանի նորաշինութեան իրենց նիւթական կամ բարոյական օժանդակութիւնը կը բերեն զանազան ազգայիններ գլխաւորութեամբ հանրանուէր բարերար Արամեանցի՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի:

Ունի մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններ։ Զանազան տարիներու ընթացքին վարժարանին մէջ դասաւանդած են Մելիքսեդեկ արքեպիսկոպոս Մուրատեանը, Եղիշէ արքեպիսկոպոս Դուրեանը, Ա. Խորասանճեանը, Ս. Կուրտիկեանը, Հ. Աճառեանը, Հ. Հինդլեանը եւ ուրիշներ։ Ունի 161 աշակերտ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ÖZEL ARAMYAN UNCUYAN ERMENİ İLKOKULU-ORTAOKULU – Aramyan» (թրքերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-03-20
  2. (հայերեն) Արամյան-Ունճյան վարժարան, 2024-10-14, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B1%D6%80%D5%A1%D5%B4%D5%B5%D5%A1%D5%B6-%D5%88%D6%82%D5%B6%D5%B3%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%AA%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6&oldid=10127810, վերցված է 2026-03-09