Ներկայ (ամսագիր, Պուէնոս Այրես)
Արտաքին տեսք
«Ներկայ», ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1961-1970 թուականներուն Պուէնոս Այրեսի մէջ։ Խմբագիր՝ Պահատրեան։ Լուսաբանած է Խորհրդային Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի վերելքը, Խորհրդային Հայաստանը համարած համայն հայութեան միակ հայրենիքը։ Ներկայացուցած է Արժանթինի հայ համայնքի առօրեան, ազգային, մշակութային կազմակերպութիւններու աշխատանքները, անդրադարձած է սփիւռքի իրադարձութիւններուն։ Գրական բաժնին մէջ տեղ գտած են հայ խորհրդային գրողներու (Յովհաննէս Շիրազ, Գէորգ Էմին, Սիլվա Կապուտիկեան եւ ուրիշներ) ստեղծագործութիւնները, գրախօսականներ եւ ծանօթագրութիւններ հայրենիքի մէջ լոյս տեսած գիրքերու վերաբերեալ։ Ունեցած է նաեւ բժշկաառողջապահական գիտութեան բաժիններ։