Նաւ
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Հազարաւոր տարիներու ընթացքին, նաւերը կը շինուէին փայտէ եւ կը յառաջանային առագաստներով կամ թիերով: Մերօնեայ նաւերը ունին շարժակներ: կը շարժին մէկ կամ բազմաթիւ մղապտուտակներու միջոցաւ:
Շարժակներով Նաւեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մղապուտակները կը ծառայեն շարժակներով նաւերու մղումին: կը գտնուին ջուրին տակ, նաւուն յետսամասին: Նաւերու մեծամասնութիւնը ունի տիզել շարժակներ որոնք մղապտուտակին կցուած հուն մը կը դարձնեն:
Ղեկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ղեկը կը ծառայէ նաւուն ուղղութիւնը փոխելու: Երբ զայն դէպի աջ թեքենք, ջուրին հակազդող ուժը ետեւէն դէպի ձախ կը ճնշէ եւ ուրեմն նաւուն քիթը դէպի աջ կը դառնայ:
Խորաչափ (Sonar)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խորաչափը նաւու մը տակ գտնուող խորութիւնը կը չափէ: Ան ձայնային ալիքներ կ'արձակէ որոնք կը վերադառնան երբ յատակին կամ այլ արգելքի հանդիպին: խորաչափը կ'արձանագրէ անոնց արձագանգը: Խորութիւնը կը ստացուի երբ ձայնային ալիքներուն մինչեւ յատակ՝ երթ ու դարձի համար դրած ժամանակը գիտնանք:
Ջրասահ Նաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ջրասահ նաւ մը կը սուրայ ջուրի մակերեսէն վեր՝ կրող չմուշկներու վրայ: Երբ դանդաղի, ջուրին վրայ կը ծփայ սովորական նաւու մը պէս: Երբ արագնայ, չմուշկները ուժ մը կը ստեղծեն որ նաւը կը բարձրաձնէ: Շատ բարձր արագութիւններու կրնայ հասնիլ:
Ռատար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ռատարը կը գործածուի մօտակայ նաւերու եւ ծովեզերքներու դիրքերը ճշդելու: Ռատիոհաղորդիչ մը ալիքներ կ'արձակէ որոնք կը ցոլանան իրենց հանդիպած արգելքներէն եւ կը խերադառնան դէպի ալեհաւամ: Այդ արգելքներուն նկարը կ'երեւի պաստառիկի մը վրայ:
Ընդծովեայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ընդծովեայ մը տեղափոխուելու համար շինուած է ծովերու եւ ովկիանոսներու մակերեսին վրայ, ինչպէս նաեւ ջուրին տակ: Ան կը ծփայ երբ իր ջրամբարները պարապ են: Երբ անոնք ջուրով լեցուին, ընդծովեան կը ծանրանայ եւ կը սուզուի:
Օդասահ Նաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ոդասահ նաւը կը նմանի կառքի մը որուն անիւները փոխարինուած են օդային բարձով մը: Զօրաւոր հոխահարներու արտադրած կը բռնուի՝ բարձը շրջապատող ճկուն փէշի մը կողմէ: Ինչ որ ոդասահ նաւը ղատ աւելի արագ կը տեղափոխէ՝ սովորական նաւու մը հետ բաղդատած:
Առագաստանաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Առագաստանաւ մը կը տեղափոխուի հովին ազդեցութեան տակ: Առագաստներուն ուղղութեանը փոխելով, նաւաստիները պէտք եղած ձեւով կը գործածեն հովին ուժը:
Աղիււրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս, Հրատարակութիւն CCM, էջ 18 - 19։