Նանագ

Կուրու[1] Նանագ եւ Սիխիզմը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նանագ ծնած է 1469-ին, Հնդկաստանի մէջ: Անոր հայրը հինտու էր, իսկ մայրը՝ իսլամ: Հետեւաբար, անոր դաստիարակութեան հիմքը եղած է երկու կրօնքներու խառնուրդ:

Նանագ կը նպատակադրէ միացնել իսլամութիւնն ու հինտուիզմը: Ան իր նպատակը կը յայտնէ ժողովուրդին՝ հրաւիրելով զայն երկու կրօներու միացման՝ «ո՛չ իսլամ եւ ո՛չ հինտու» կոչին տակ: Ան կը մերժուի երկու կողմէ, ուստի կ'առնէ իր հետեւորդները եւ կը կազմէ նոր ու անկախ կրօնք մը:

Նանագի հետեւորդները անոր կը նայէին իբրեւ գերմարդկային կարողութեամբ օժտուած ուսուցիչ մը, որուն նպատակը հաշտութեան նամակ հասցնել էր: Զինք ընդունեցին իբրեւ մարմնացումը աստուածային լոյսին:

Սիխիզմը հետեւանքն է կրօնական եւ ընկերային պայմաններու, որոնք կային երկու կրօնքներուն միջեւ: Սիխիզմի  ուսուցիչներուն համար մտահոգութիւն էր հաւատացեալներու միջեւ եղող խտրութիւնը: Այս խտրութեան պատճառով տեղի կ'ունենային ոճրագործութիւններ եւ ընկերային խլրտումներ:

Ըստ Սիխիզմի, եթէ բոլոր մարդիկը կը հաւատան մէկ Աստուծոյ գոյութեան եւ բոլորը անոր ձեռագործն են, ուրեմն ի զուր են այն բոլոր վէճերը, որոնք կան երկու կրօներուն միջեւ:

Նանագի գաղափարախօսութիւնը այն էր, որ կեանքը աստուածային արուեստով ապրելով՝ պիտի դառնար Աստուծոյ հետ մէկ եւ ազատէր վերածնունդի շրջումէն: Նանագ համոզուած էր, որ մեր մտածումները աստուծոյ հանդէպ պէտք չէ սահմանափակուած ըլլան կրօնքի մը ուսուցումներով: Աստուած միայն «Ալլա»ն չէ, այլ աւելի մեծ իրականութիւն մը: Նանագի ամէնէն սիրած Աստուծոյ անուանումն է՝ «Սադ նամ», որ կը նշանակէ ճշմարիտ անուն, որ զԱստուած անուանելու ձեւ մը չէ, այլ ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ անունը անճանաչելի է մարդուն համար:

Նանագի Վերջին Օրերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նանագ իր կեանքի վերջին օրերուն դադրեցաւ իր կրօնքը քարոզելէ: Ան մեռաւ 1538-ին: Ծերունազարդ տարիքին ան իր ետին ձգեց հետեւորդներ եւ երկու զաւակ: Իր մահէն առաջ իրեն յաջորդ նշանակեց աշակերտներէն մէկը: Նանագ թաղուեցաւ Գարդապորի մէջ, ուր շինած էր իր սրբավայրը:


[1] Կուրու բառը կը նշանակէ ուսուցիչ: Նանագի հետեւորդնեդը նոր իմաստ մը տուին այդ բառին. լոյսը, որ կը հեռացնէ խաւարը: Երբ Նանագ մահացաւ, զայն կոչեցին Կուրու նանագ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

The Religion Book (Big Ideas Simply Explained), United States, 2013

Կրօնքներու Պատմութիւն, Բիւզանդ Եղիայեան, Անթիլիաս, 2005