Նազարէթ Թիւթիւնճեան
Նազարէթ Թիւթիւնճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1889 Նոյեմբեր 21 |
Ծննդավայր | Մարաշ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Երաժիշտ |
Երեխաներ | երկու |
Նազարէթ Թիւթիւնճեան, բնիկ Մարաշցի, ծնած 1889 Նոյեմբեր 21-ին: Նախնական ուսումը առած Հալէպի Ֆրանսիսքէններու վարժարանը ուր ուսած է լաւ երաժշտութիւն, մանաւանդ նուագարանի գործիքներ նուագել։ Եղած է ուսուցիչ Մարաշի Լատինաց դպրոցը եւ դասաւանդաց իտալերէն, ֆրանսերէն եւ նուագ։ Պէյրութ հաստատուած Ա. Ընդհ Պատերազմէն առաջ եւ եղած թրքական բանակի Պէյրութի նուագախումբի ղեկավար։ 1915-ին մտած տեղւոյս Ելեքտրական ընկերութեան մէջ ուր կ'աշխատի այժմ որպէս հաւատարիմ ու սիրուած բարձրաստիճան պաշտօնեայ։ Իր երաժշտագէտ ըլլալուն հանգամանքը պատճառ եղած է որ ծանօթանայ նախապատերազմեան Պէյրութի բարձրաստիճան թրքական պաշտօնեաներուն։ Իր այս ծանօթացումը օգտակար եղած է պատերազմին բազմաթիւ հայերու։ 1914-ին ամուսնացած է Օր. Աննիկ՝ Թէրզիպաշեանի հետ, որ Հալէպ ուսուցչուհի եղած է երկար տարիներ եւ 1910-ին Պէյրութ Սբ. Նշան Վարժարանը հրաւիրուած արպէս վարժուհի, ուր ալ պաշտօնավարած է 4-5 տարի։ Ունի երկու զաւակ, Եգուարդ եւ Պերճ։ Առաջինը պաշտօնեայ Ելեքտրական Ընկերութեան մէջ իսկ երկրորդը բժիշկ՝ շրջանաւարտ ֆրանսական Համալսարանէն, որ այժմ Ամերիկա կը գտնուի կատարելագործելու համար իր ներքին հիւանդութեանց մասնագիտութիւնը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 433։