Jump to content

Յ. Ճ. Սիրունի (Յակոբ Ճոլոլեան)

Յ. Ճ. Սիրունի (Յակոբ Ճոլոլեան) (1890 - 1973) եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն։ Ծնած է 1890-ին, Ատափազար։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փետրուար 1911-ին հիմնուած «Մարմնամարզ» թերթի հրատարակութիւնը Շաւարշ Քրիսեանին թելադրողը եղած է ան։ 1922-ին, Պոլսոյ քաղաքական ծանօթ դէպքերուն պատճառով, Սիրունի կը մեկնի Ռումանիա։ 30 Սեպտեմբեր 1923-ին ան կ'ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ռումանիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ։ 1 Փետրուար 1924-ին լոյս կը տեսնէ «Արի» ամսաթերթը, խմբագրութեամբ Սիրունիի։ Թերթը կը հրատարակուի երեք տարի, որմէ ետք կը դադրի, երբ Ֆիլիպէի (Պուլկարիա) մէջ կը սկսի հրատարակուիլ «Հ.Մ.Ը.Մ.»ը, իբրեւ Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ շրջաններու պաշտօնաթերթ։ 1924-ի Բ. Շրջանային Ժողովը, որ այս անգամ Քոսթանցայի մէջ կը գումարուի, Սիրունին կրկին կ'ընտրէ Ռումանիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ատենապետ։

18-22 Յուլիս 1925-ին Պուքրէշի մէջ տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գ. Շրջանային Ժողովը, ուր Սիրունին անգամ մը եւս կ'ընտրուի Ռումանիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ատենապետ։

Սիրունիի օրով է, որ 4 Սեպտեմբեր 1926-ին տեղի կ'ունենայ հայկական Գ. ողիմպիականը, մարմնակրթութեան ազգային հաստատութեան ստադիոնին մէջ։ 5-7 Սեպտեմբեր 1926-ին տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ռումանիոյ Դ. Շրջանային Ժողովը, ուր Սիրունին կը վերընտրուի ատենապետ։ 21 Նոյեմբեր 1926-ին տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ Շրջանային Վարչութիւններուն խորհրդաժողովը, չորսական լիազօրներու մասնակցութեամբ։ Այս խորհրդաժողովին կը ճշդուին համագործակցութեան հիմերը եւ որոշումներ կը տրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական մարմնի մը ստեղծման։ Կը կազմուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առժամեայ Կեդրոնական Յանձնախումբ մը, որուն անդամ կ'ընտրուին Ռումանիայէն տոքթ. Սալբի, Գրիգոր Յակոբեան եւ Սիրունի։ Իսկ Պուլկարիայէն՝ տոքթ. Թովմասեան, Թագւոր Թագւորեան եւ Կարօ Ղազարոսեան. փոխ անդամներ՝ Ներսէս Աստուածատուրեան եւ Լեւոն Գազանճեան։

4 Սեպտեմբեր 1927-ին, Սիրունիի գլխաւորութեամբ, Ռումանիոյ Շրջանային Վարչութիւնը կը կազմակերպէ Շիրակի աղէտեալներուն օժանդակութեան գործը։ 1928-ին, Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Սիրունի Ֆիլիպէի մէջ կը բանայ սննդակայան մը, Պուլկարիոյ երկրաշարժի աղէտեալներուն օգնելու համար։

Այսպէս, Սիրունի մինչեւ վերջ կապուած կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, աշխատելով անոր ծաւալման եւ զարգացման համար, անոր միջոցով ծառայելով իր ժողովուրդին։

Բ. Աշխարհամարտին, Սիրունի համայնավարներու կողմէ կ'աքսորուի Սիպերիա եւ 12 տարուան տաժանակիր աշխատանքէ ետք ազատ կ'արձակուի եւ շրջան մը կ'անցնի Պուլկարիա, ապա կը վերադառնայ Ռումանիա։

Ան կը մահանայ 7 Ապրիլ 1973-ին, Պուքրէշ։

Գրականութիւն

  • Մարզիկ Ամսաթերթ 1999
  • Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Սկաուտական բանակումի թղթածրար էջ 7
  • Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Յուշատետր էջ 6