Յովսէփ Ենիգօմշեան
Յովսէփ Ենիգօմշեան | |
---|---|
Ծնած է | 1895 |
Ծննդավայր | Քիլիս (Թուրքիա) |
Մահացած է | 1928 |
Քաղաքացիութիւն | Թրքահայ |
Ազգութիւն | հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Բժիշկ |
Ծնողներ | Մահտէսի Աղէկ աղա |
Յովսէփ Ենիգօմշեան, զաւակն է Քիլիսի ծանօթ ընտանիքներէն Մահտէսի Աղէկ աղա Ենիգօմշեանի որ իր մահկանացուն կնքեց Պէյրութ 1928-ին: Տօքթ. Ենիգօմշեան ծնած է Քիլիս (Թուրքիա) 1895-ին: Շրջանաւարտ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճէն, Պ.Ա. տիտղոսով, 1914-ին: Նոյն տարին Հոկտեմբերին կու գայ Պէյրութ իբրեւ բժշկական ուսանող՝ Ամերիկեան Համալսարան, եւ 1918-ին շրջանաւարտ կ'ըլլայ բժշկի տիտղոսով։ Ամբողջ 4 տարուայ ընթացքին իր դասարանին առաջինը հանդիսացած է, որու համար շրջանաւարտութեան իրեն կը տրուի Special Certificate Of Merit վկայականը։ 1918էն ի վեր Տօքթ. Ենիգօմշեան կը ծառայէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Դպրոցի Ներքին Հիւանդութեանց բաժնին մէջ։ 1919-ին կարճ ժամանակուայ մը համար կ'երթայ ծննդավայրը։ 1921-ին, համալսարանին կողմէ կը ղրկուի Եւրոպա մասնաւոր ուսումնասիրութեանց համար, եւ վերադարձին կը նշանակուի Adjunct Prof. of Internal Medicineի։ 1929-ին Լոնտոնի համալսարանի բժշկ. ճիւղին մէջ Tropical Medicine դասընթացքին կը հետեւի եւ վերադարձին կը նշանակուի Associate Professor: 1933-34-ին մասնաւոր ուսումնասիրութիւններ կ'ընէ դարձեալ ներքին հիւանդութեանց ճիւղին մէջ Միացեալ Նահանգներ։ 1930էն ի վեր Ամերիկ. Համալսարանի բժշկական ճիւղին Ներքին Հիւանդութեանց Փրօֆէսօր է։ 1948-49-ին դարձեալ տարի մը Հիւս. Ամերիկա կ'անցընէ իբրեւ այցելու Փրօֆ. Medical School Tulane University New Orleansի մէջ։ B.A., եւ M.D.էն զատ ունի նաեւ D.T.M.& H. England եւ, M.R.C.P. London տիտղոսները։ Ըրած է ուրոյն հետազօտութիւններ իր մասնագիտութեան մէջ եւ հրատարակած բազմաթիւ յօդուածներ գիտական պարբերաթերթերու մէջ։ Բազմաթիւ տարիներ իբր ուսուցիչ եւ բժիշկ գործունէութեան բերումով կրցած է կազմել բարեկամներու լայն շրջանակ մը հայերէ, տեղացիներէ եւ օտարներէ, զոր ի սպաս գրած է յօգուտ իր ազգին։ Մասնաւոր կերպով օգտակար եղած հայ-արաբ իրարահասկացողութեան կարեւոր գործին։ 1936-ի վրթովիչ դէպքերու ժամանակ, Տօքթ. Ենիգօմշեանի տեղացիներէն կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ ունեցած բարեկամութիւնը փրկարար դեր կատարեց։ Տօքթ. Ենիգօմշեան օգտակար եղած է լիբանանահայ գաղութին մասնաւորապէս հետեւեալ չորս մարզերու մէջ. Ա)Ազգին առողջապահական վիճակը բարելաւելու ձեռնարկներուն լայնօրէն մասնակցած է. 1.Եղած է Հայ Ազգային Բուժարանի Հիմնադիրներէն մին եւ 1920էն ի վեր Ատենապետն է Բուժարանի Խնամակալ Վարչութեան։ 2.Պէյրութի եւ Այնճարի Գարակէօզեան Մանկանց Դարմանատուներու հիմնուելուն մէչ կարեւոր բաժին բերած է։ 1941էն ի վեր այս հիմնարկութեանց Պէյրութի Կեդր. Յանձնախումբին Ատենապետն է։ 3.Հալէպի Թիւֆէքճեան քլինիքին հիմնուելուն մէջ նաեւ կարեւոր դեր ունեցած է։ Բ)Սանճագի գաղթականներուն Պէյրութ, Այնճար, եւ Սուր տեղաւորման շրջանին կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած է։ Գ)Հ.Բ.Ը. Միութեան Նպաստից Յանձնախումբի նախ իբրեւ անդամ եւ ապա իբր Ատենապետ դարձեալ մեծ ծառայութիւն մատուցած է։ Հ.Բ.Ը.Մ.ի այս մարմինը պատերազմի ընթացքին շատ օգտակար եղաւ։ Դ)Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Ա. Կեդր. Վարչութեան իբր Ատենապետ՝ դարձեալ օգտակար հանդիսացած է։ Տօքթ. Յ. Ենիգօմշեան հանրածանօթ բժիշկ մըն է ըւ չի զլանար ոեւէ ծառայութիւն բոլորին, առանց ազգի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։ Ամուսնացած՝ Օր. Հէլէն Գրաճեանի հետ։ Հայր է հինգ զաւակներու։ Սիրուած բոլորէն, մեր գաղութին իրապէս օգտակար հանդիսացած անձնաւորութիւն մըն է Տօքթ. Յ. Ա. Ենիգօմշեան[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 422։