Յովհաննէս Տէրզնցի
| Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
| Յովհաննէս Տէրզնցի | |
|---|---|
| Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Հովհաննէս Տէրզնցի, քահանայ՝ Ամիթ կամ Տիգրանակերտ քաղաքէն, որդի Խանէսի (յայտնի չէ թէ ինչո՞ւ Տէրզնցի կոչուած է)։
Իր կողակիցին՝ Ինախըբաշէի մահուամբ, երկու աղջիկ եւ եօթ տարեկան մանչ մը որբ կը մնան։ 1583 թուականի շուրջ, կարօտութեան եւ կամ ուրիշ պատճառով կը ստիպուի Հռոմ երթալ։ Հոն կը ծանօթանայ Աբգար տպագրիչի որդւոյն՝ Սուլթանշահի, որուն ընկերանալով կը տպագրէ 1584 թուականին «Գրիգորեան Տումար»ը։ Այս ճամբորդութիւնը կատարած է կնոջ մահէն շատ տարիներ ետք, քանի որ իր հետն էր նաեւ իր Խաչատուր որդին, չափահաս պատանեակ մը, զոր իրեն օգնական կամ ինչպէս ինքն կը յիշէ՝ «թելադրիչն» կը կոչէ իր ձեռքը զարկած գործին։
Այս տպագրութիւնը յաջողցնելէ ետք, 1585-1586 թուականներուն կը մտադրէ հայրենիք վերադառնալ եւ արդէն քսանօրեայ ճամբորդութիւն ըրած էր, երբ անակնկալ կերպով զինքը կը բռնեն ու կը բանտարկեն։ Յանցանք կամ վնաս գործած չըլլալը կը գրէ յիշատակարանի մը մէջ, եւ յայտնի չէ թէ ին՞չ պատճառով ձերբակալուած է, անշուշտ ենթադրութեամբ կամ կասկածով եղած գործ մըն էր այդ բանը, որովհետեւ անմեղութիւնը հասկացուելով, ոչ միայն զինքը կը թողուն այլ եւ գործելու ազատութիւն եւ ասպարէզ կը շնորհեն Վենետիկի մէջ։