Յովհաննէս Տէտէեան
Յովհաննէս Տէտէեան | |
---|---|
Ծնած է | 28 Յունիս 1795 |
Ծննդավայր | Իզմիր, Անատոլիայի էլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1 Փետրուար 1878 (82 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | հրատարակիչ, մշակութային գործիչ |
Յովհաննէս Տէտէեան (28 Յունիս 1795, Իզմիր, Անատոլիայի էլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1 Փետրուար 1878, Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ հրատարակիչ, մշակութային գործիչ։
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Զմիւռնիա (Իզմիր)[1]։ Զբաղած է Անատոլիայէն Եւրոպա գիւղատնտեսական ապրանքներու արտահանութեամբ։
1867 թուականին Փարիզի մէջ կայացած բուսատեսակներու համաշխարհային ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուցած 54 տեսակ միրգերու եւ պտուղներու, «ինչպէս »նաեւ վարդաիւղի համար արժանացած է Մեծ ոսկեայ մետալի եւ այլ պարգեւներու։
1853 թուականին որդիին՝ Տիգրան-Յարութիւնի, ինչպէս նաեւ հանգանակութեամբ ձեռք բերուած միջոցներով եւ եղբայրներուն աջակցութեամբ հիմնած է տպարան[2] «Տպարան Տէտէեան եղբարց» դրոշմատիպով, որ գործած է շուրջ 40 տարի։
Տպարանը մեծ դեր կատարած է արեւմտահայ նոր ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութեան աւանդոյթներու ստեղծման ու զարգացման գործին մէջ։ Այստեղ տպագրուած են «Արփի Արարատեան», «Ծաղիկ» հանդէսները, աւելի քան 208 հատոր ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութիւն, դասագիրքեր, ձեռնարկներ, Ս. Տէր Գասպարեանի, Գ. Չիլինկիրեանի, Մ. Մամուրեանի, Գ. Մսերեանի, Մ. Նուպարեանի, Մ. Միրզայեանի եւ այլոց, ինչպէս նաեւ Տէտէեաններու բազմաթիւ թարգմանութիւններ՝ անգլերէնէ եւ ֆրանսերէնէ[3], այդ գիրքերէն շատերը առաջին հայերէն թարգմանութիւններ են եւ մեծ դեր կատարած են հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ։
Անոր աշխատասիրութեամբ հրատարակուած է «Օսմանեան պատմութիւն» աշխատութիւնը։ Անոնց տպարանին մէջ է լոյս տեսած է նաեւ հայատառ թրքերէն «Նարեկ»ը։
1859 թուականին՝ Արամ-Կարապետ Տէտէեանի, Տիգրան-Յարութիւն Տէտէեանի, Տ. Սաւալանեանի, Գ. Կոստանդեանի, Ս. Վանանդեցիի եւ այլոց նախաձեռնութեամբ հիմնած է կրթական-մշակութային «Հաշտենէն ընկերութիւն»-ը, 1860 թուականին՝ անոր «Միութիւն»ը, իր առջեւ նպատակ դրած է հսկել ազգային վարժարաններու գործունէութիւնը, օգնել որբ ու անտէր երեխաները՝ ուսումնական գետնի վրայ, ծաւալել կրթական-լուսաւորական գործունէութիւն։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «AV Production - Հովհաննես Տետեյան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-07-01-ին։ արտագրուած է՝ 2021-06-28
- ↑ «Հարություն Տետեյանի ծննդյան 150 ամյակի առթիվ։»։ hpj.asj-oa.am։ 28․06․2021։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-06-28-ին։ արտագրուած է՝ 2021-06-28
- ↑ «Տետեյանների Մշակույթային-Լուսավորական Գործունեությունը։»։ lraber.asj-oa.am։ 28․06․2021։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-06-28-ին։ արտագրուած է՝ 28․06․2021