Յովհաննէս Պարսկունի
Յովհաննէս Պարսկունի | |
---|---|
Ծնած է | 1923 |
Ծննդավայր | Վառնա, Պուլկարիա |
Քաղաքացիութիւն | Պուլկարիա |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Յովհաննէս Պարսկունի, (1923, Վառնա, Պուլկարիա), հայ գրագետ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ, եղեռնէն փրկուած ծնոզներէ։
Իր նախակրթութիւնը ստացած է Ռուսէի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած՝ եւ աւարտած է Ավիշտով քաղաքի Տիմիդր Ա Ցենովի անուան Տնտեսական եւ Ընկերային Գիտութիւններու ինստիտուտը, 1949-ին։
Մասնակցած է Հայրենական պատերազմին, 1944, 1945 թուականներուն, պուլկարական բանակի շարքերուն մէջ եւ պարգեւատրուած՝ մետալներով։
Առաջին բանաստեզծութիւնը լոյս տեսած է 1936-ին Ռուսէի Մեսրոպեան վարժարանի Սանուց Միութեան օրկան «Փեթակ» խմորատիպ ամսաթերթին մէջ, «Հայրենիքիս» խորագրով։
1951-ին կ՚ամուսնանայ Մանուշակ Մեթոյեանի հետ եւ կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը։ 1968-ին անժամանակ կերպով կը մահանայ իր կինը։
Յ. Պարսկունի աշխատակցած է արտասահմանի հայ մամուլին, քնարական եւ հայրենասիրական քերթուածներով, գրական յօդուածներով եւ պուլկար բանաստեզծներու գործերէ թարգմանութիւններով։
Հրատարակած է բանաստեզծութեանց եւ աշխատասիրութեանց բազմաթիւ հատորներ։
Սերտ կապեր հաստատած է Հայաստանի հետ. բազմաթիւ անգամներ այցելած է Հայրենիք եւ բացառիկ գնահատանքի արժանացած։ Անդամ է Հայ գրողներու Միութեան։ 1977-ին Սովետական գրող հրատակչութեան կողմէ լոյս տեսած է իր Հայրենի Հող բանաստեղծութեանց հատորը։
Յ. Պարսկունի պարգեւատրուած է «Պատւոյ Գիր»ով, պուլկարահայ «Երեւան» կազմակերպութեան կեդրոնական վարչութեան կողմէ, սոյն կազմակերպութեան հիմնադրութեանը եւ թերթին առաջին համարի հրատարակութեան 25-ամեակին առթիւ, իր սիրայօժար կատարած՝ աւելի րան 45 դասախօսութիւններուն, եւ թերթին մէջ լոյս տեսած 172 ինքնագիր եւ թարգմանական գործերուն համար։
1980-ին կը հիմնուի «Յովհաննէս Պարսկունիի ֆոնտ» Հայաստանի Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին մէջ։ Այնուհետեւ ան կ՚ըլլայ Պարսկաստանի լիազօր ներկայացուցիչը Չարենցի անուան թանգարանին, պուլկարահայ գրողներու եւ մշակութային գործիչներու արխիւները Հայաստան փոխադրելու կապակցութեամբ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։