Յովհաննէս Ճէրէճեան
Յովհաննէս Ճէրէճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1936 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | լուսանկարիչ |
Յավհաննէս Ճէրէճեան, (1936, Պէյրութ, Լիբանան), լուսանկարիչ, երկրորդական ուսումը ստացած է Սահակեան Լիսէին մէջ։ Քանի մը տարի փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք զանազան աշխատանոցներու մէջ, 1960-ին բացած է Շիրազ լուսանկարչատունը: 1968-ին ծանօթ պատմագէտ փրոֆ. Մորիս Տիւնան զինք ընտրած է նկարելու համար այն առարկաները, որոնք երեւան կու գան հնագիտական պեղումներու ընթացքին։ 1964-ին եւ 1969-ին այցելած է Հայաստան, ուր նկարած է մեր երկրին տեսարժան վայրերը եւ ճարտարապետական կոթողները։ Երկրորդ այցելութւինը կատարած է Թուրքիոյ ճանապարհով, նկարելով արեւմտահայաստանի պատմական յուշարձանները։ Ուշադրութիւն գրաւեց Արդի ու նաեւ Արեւմտեան Հայաստանէն բերած իր տեսարաններով։ Լուսանկարչական արուեստին մէջ նորընծայ մըն է ան, որուն գործերուն մէջ կը գտնուին յուսատու տարրեր։ Լայն հետաքրքրութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ կ'աշխատի, այս արուեստիին մէջ, բարձունք մագլցիլ։[1]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հայերը Լիբանանի մէջ, հատոր Գ,369-370