Յովհաննէս Դաւթեան Լազարեանց
Յովհաննէս Դաւթեան Լազարեանց (1820 - 1879 թթ.), 19-րդ դարու ազգանուէրներէն մին։
Յովհաննէս Լազարեանց 19-րդ դարուն՝ ռուսահայ պաշտօնատարներու մէջ, առաջնակարգ դիրք մը գրաուած էր իր ազգասիրութեամբ, քաջութեամբ եւ իբրեւ բարի մարդ ու պատկառելի հայր՝ մեծահամբաւ գերդաստանի մը։
Ծնած է 1820-ին Շուշիի մէջ, աղքատ ծնողքի զաւակ՝ դերձակի աշկերտութիւնը թողեով կը մտնէ ռուս բանակի մէջ եւ առանց կանոնաւոր ուսման, մի միայն իր հանճարովը, իբրեւ զինուոր երկար տարիներու ընթացքին կը փառաւորէ իր Հայ անունը՝ երկայնաբազուկ Մովսէս Արղութեանցի նման։
Լազարեանց Կովկասեան սարերու եւ ապա Փոքր Ասիոյ մէջ, երեւելի հանդիսացաւ։
1877-78-ը Ռուս-Թրքական պատերազմին Յովհաննէս Լազարեանց սահմանագրուխի եւ պահեստի զօրքերուն հրամանատարը կը հանդիսանայ, ուր ցոյց կու տայ իր հանճարը, իբրեւ՝ գիտուն եւ քաջ զինուոր։ Բայց ա՛լ աւելի կը բարձրանայ իր փառքն ու պատիւը, երբ կը մասնակցի Կարսի շրջականերու պատերազմներուն եւ վերջապէս իր ցուցաբերած ճամբով եւ իր իսկ աշխատկցութեամբ՝ Կարսի անարիկ բերդը կը գրաւուի. այս յաղթանակին համար կ՛արժանանայ զինուորական բարձրագոյն շքանշանին, այն է՝ Ս. Գէորգայ երկրորդ աստիճանի Խաչին։
Իր վերջին զինուորական պաշտօնը կ՛ըլլայ՝ թիւրքմէններու դէմ մղուած պատերազմի միջոցին, ռուսական զօրքին գլխաւոր հրամանատարութիւնը. անշուշտ ցոյց պիտի տար, այդ առթիւ ալ՝ իր հանճարը. սակայն մահը կը խլէ կեանքը՝ 1879 Օգոստոս 14-ին։
Իր մարմինը կը թաղուի 27 Օգոստոս-ին, Տփխիսի վանքի եկեղեցւոյն բակը։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Մասեաց Աղաւնի» (1857)
- «Յիշատակարան» (կազմուած՝ Վ. Գ. Զարդարեանի կողմէ)