Jump to content

Յարութիւն Քհնյ. Թումայեան

Յարութիւն Քհնյ. Թումայեան
Ծնած է 1884
Մահուան վայր Նիկոսիա, Նիկոսիա, Կիպրոս

Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թումայեան, (1884) ծնած է Ալպէստանէ Եարփուղ կամ Եփեսոս (Արարիսոս) գիւղը, 1884-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Զէյթունի կեդրոնական վարժարանին մէջ։

Ւր մէջ ուսումնակրթական կարողութիւնը շեշտուած ըլլալով, որպէս ասպարէզ սիրած է կրթական կեւանքը, որովհեւտեւ հաւատացած է սերունդներուն դաստիարակութեան սրբազան կարեւորութեան ու աոաքելութեան։ Այս գիտակցութենէն առաջնորդուած՝ մտած է ուսուցչական կեանքի մէջ։ Յաջորդարար կրթական պաշտօններ վարած է կիլիկեան շրջանակի վարժարաններուն մէջ։ Տեղւոյն ացգայինները, ժողովուրդը իր կրթական կարողութիւնը, վարքն ու բարքը եւ ազգային ու եկեղեցական կեանքին ու արժէքներուն կապուածութիւնը նկատի աոնելով, զինք հրաւիրած են քահանայական կոչման։ Ան ժողովուրդին բուռն փափաքին ընդաոաջելով, ձեռնադրուած է քահանայ, 1912-ին։ Քահանայական պատրաստութեան քառասնօրեայ շրջանը լրանալէ ետք, պաշտօնավարած է Անտիոքի մէջ, 1912–1915։ Երեք տարի Անտիոքի մէջ քահանայագործելէ ետք, ան հրաւէր ստացած է Եգիպտոսի հայ գաղութէն։ Փոխադրուած է Եգիպտոս եւ ժամանակ մը ետք անցած է Մերսին։ Այստեղ ալ երկար ժամանակ չէ պաշտօնավարած։ Ապա մեկնած է Պէյրութ, ուր կարճ ժամանակաշրջան մը քահանայագործելէ ետք, ծրագրած է տեղափոխուիլ այլ հայկական գաղութ։ Ան հաստատակամ եղած է։ Կապեր հաստատած է Կիպրոսի փոքրաթիւ հայ գաղութի պատասխանատուներուն հէտ եւ յաջողած է ծրագիրը իրականացնել։ Ի վերջոյ, փոխադրուած է Կիպրոս ու հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Նիկոսիոյ հայ գաղութին։ Հոս վերջ զտած է իր թափառական կեւանքը։ Դժբախտաբար արխիւներու չգոյութեան պատճառով միայն այս հակիրճ տեղեկութիւնները կարելի եղած է ունենալ իր մասին։ Հաւանական ենթաղրութիւն է որ ան իր մահկանացուն կնքած է Նիկոսիոյ մէջ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 144։