Jump to content

Յարութիւն Յովակիմեան

Յարութիւն Յովակիմեան
Ծնած է 1885
Ծննդավայր Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1957

Յարութիւն Յովակիմեան (1885, Հաճըն - 1957):

Նախնական դաստիարսւկութիւնը ստացած է Հաճնոյ Ս. Թորոս եկեղեցւոյ ծխական վարժարանէն,ապա շարունակած է հօր՝ Յովակիմի արհեստը՝ հիւսնութիւն: Ամուսնացած է 1908 Փետրուար 21-ին:

1909-ին մտած է ՍԴՀ Կուսակցութեան շարքերը, Հաճնոյ մէջ, Մեծն Մուրատի ներկայութեան: 1915-ի սկիզբները, թուրք բռնակալութեան արտակարգ ճնշումներուն տակ, անշնչելի դարձած ըլլալով հայաքաղաք Հաճնոյ մթնոլորտը, անցած է նախ Սիս, ապա Պոգանթի, ուր զինուոր արձանագրուած է «Տաքէսեան» ազգանունը փոխելով «Յովակիմեան»ի: 3 Յունիս 1915-ին սկսած Հաճնոյ բռնի տեղահանութեամբ հեռանալէ ետք Հաճընէն, զինադադարին, ինք ալ բազմահազար հաճընցիներու կարգին կը վերադառնայ պապենական Հաճըն, ուր տարի մը կը ստանձնէ ոստիկան զօրաց սերժանի պաշտօնը:

21 Փետրուար 1920-ին կը վիրաւորուի, երբ կ'ընկերակցէր Հաճնոյ հայ առաքելականներու հոգեւոր առաջնորդ Գէորգ Սարաճեան եպիսկոպոսէն (յետագային կաթողիկոս) եւ Հաճնոյ հայ աւետարանականներու վեր. 3. Խաչատուրեանէն, եւ Շմաւոն Փոսթոյեանէն բաղկացած պատուիրակութեան: Պատուիրակութիւնը կ՚ուղղուէր Սիս, «հայաքաղաքի ինքեապաշտպանութիւնը զօրացնելու նպատակով ֆրանսական իշխանութիւններէն զինուորական օզնութիւն խնդրելու համար»:

Հաճնոյ ինքնապաշտպանական մարտերուն, կորսնցուցած ըլլալով ընտանիքը ան կը վերամուսնանայ 21 Փետրուար 1925-ին ու կր հաստատուի Լիբանան, Պէյրութէն շուրջ 60 քլմ. արեւելք գտնուող Զահլէ ամառանոցային քաղաքը եւ կը հիմնէ իր «Լիբանան» պանդոկը՝ լիբանահայ ատենի մեծամեծներու հանգստավայրը։ Ականատեսներ կը վկայեն թէ Յովակիմեան պանդոկ ժամանող երէց հաճընցիներ կը խօսեցնէր, անոնցմէ քաղելով պապենական Հաճընի մասին տեդեկութիւններ ու տուեալներ:

Յովակիմեան կը մահանայ եւ կը թաղուի Զահլէ, 1957-ին։ Հակառակ մայրաքաղաքէն հեռու իր բնակութեան, Յովակիմեան գործօն մասնակցութիւն կը բերէ լիբանահայ կեանքի կազմակերպման գործին: Իր անունը սերտօրէն կապուած է Պէյրութի Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիի շինութեան համար կատարուած հանգանակութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան մատուռին մէջ մէկտեղուած հայ աճիւններու հաւաքման գործին: Յովակիմեանի անունը կապուած է նաեւ որբահաւաքի աշխատանքներուն: Իր ճիգերով է որ հայութեան կը վերադառնան ճեզիրէի մէջ արաբացած ինը հաճընցիներ, որոնց շարքին Շիւքրի-էմմանուէլ Քէշիշեան, «Քիւրտ Սարգիս» եւ ուրիշներ: