Jump to content

Յակոբ Մանիսաճեան

Յակոբ Մանիսաճեան
Ծնած է 1862
Մահացած է 1942
Մահուան վայր Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն բնագէտ, բուսաբան, հանքաբան

Յակոբ Մանիսաճեան (Նիգսար, 1862 - Միշիկըն, 1942), բնագէտ, բուսաբան, հանքաբան:

Գիտութեան դասախօս եւ հիմնադիր-տնօրէն բնական գիտութիւններու թանգարանի:

1890-1915-ի միջեւ եղած է ուսուցիչ Մարզուանի Ամերիկեան Անաթոլիա Գոլէճի:

1915-ին կ'ապաւինի Պոլիս, զինադադարին կը վերադառնայ գոլէճ ու կը թուագրէ հաւաքածոն ամբողջութեամբ, որ կը բաղկանար 7.000է աւելի բոյս, կենդանի եւ հանքերէ:

Որպէս աշխարագրութեան ուսուցիչ դասախօսած է նաեւ Գոնիայի Ափոսթոլիք Էնստիտուտի մէջ:

  • Հայ Դպրոցը Անցեալէն Դէպի Այսօր, Հրատարակութիւն՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2017
  • Houshamadyan թուայնացուած բաց արխիւ[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]