Յակոբ Գույումճեան
Գույումճեան Յակոբ, ծնած է 1842-ին Թալաս ու մահացած է 22 Յունիս 1913, կը զբաղուի վաճարականութեամբ: Հօրը հետ գացած է Կարին եւ առեւտրական ասպարէզը մտած. նոյն գործով Տիգրանակերտ կը փոխադրուի իրբ ընկեր եւ գործակից Գիւլպէնկեան տան:
Տիգրանակերտի մէջ կուսակալութեան Իտարէի ժողովի անդամ եղած է երկար ժամանակ, առեւտրական սենեկի նախագահ եւ անդամ կառավարական ժողովներու: Այս առթիւ ստացած է Միւթէմայիզ աստիճան եւ զանազան պատուանշաններ: Ազգային շրջանակի մէջ ալ երկար ժամանակ Քաղաքական Ժողովի ատենապետութիւնը ըրած է եւ տեղւոյն Ազգ. գործերու օգտակար ուղղութիւն տալով՝ գնահատուած է ժողովուրդէն: Նպաստած է տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյն վերաշինութեան թէ՝ անձնապէս նուիրելով կարեւոր գումար մը եւ թէ՝ յորդորած ուրիշներ որ տան եւ կրցած է գլուխ հանել այդ հոյակապ տաճարին շինութիւն:
Հայկական կստորածներուն ատեն (1895-1896), Տիարպէքիր ջարդի օրերուն. իր տունը ընդունած է հարիւրաւոր Հայեր եւ շաբաթներով պահած է զանոնք:
Տիարպէքիրէն Հալէպ փոխադրուելով, Կիւլպէնկեան Տան շահակից ընկերի հանգամանքով, հոն ազգ. ձեռնարկներու սպտարող եղած է: Առեւտրական պատճառներով յարաբերութեան մէջ ըլլալով Ճիզրէ գաւառակին հետ (Տիգրիսի վրայ) կը տեղեկանայ թէ հոն ցիրուցան Հայեր կան մինչեւ գաւառակին խորերը, առանց եկեղեցիի եւ քահանայի. ինք ընտրել կու տայ քահանայ մը եւ Ճիզրէ կը ղրկէ, անոր բնակարանի, ապրուստի, մատուռի վարձքի ծախքերը վճարելով:
Պաղտատ փոխադրուելով, հոն ալ ժողովուրդը ընտրած է զինքը անդամ Գաւառական Ժողովին, պաշտօն մը՝ որ պահեց իր վրայ մինչեւ մահ: Հոն ալ կառավարական յանձնաժողովներու եւ Իտարէի ժողովներու անդամ եղած է:
Պասրայի եկեղեցւոյ վերաշինութիւնն ալ իր գործունէութեամբ եղած է:
22 Յունիս 1913-ին մեծաշուք յուղարկաւորութեամբ մը թաղուեցաւ. Ունէր 5 արու զաւակներ եւ երկու աղջիկներ: Յակոբի չորս զաւակները Պաղտատ կը գտնուին, ուր Ֆէլուճէ գիւղաքաղաքին մէջ ունին իրենց մեծ ագարակը, ուր այցելած է հանգ. Ֆէյսալ թագաւորը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 534: