Յակոբ Արսէնեան
Յակոբ Արսէնեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1881 |
Ծննդավայր | Նիքոմետիա, Եալովա, Թուրքիա |
Մահացած է | անհայտ |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Արսէնեան Յակոբ (1881, Նիքոմետիա, Եալովա, Թուրքիա - անհայտ), դեղագործ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ծնած 1881-ին Նիկոմիդիոյ Օվաճըգ, գիւղը: Նախնական ուսումը տեղւոյն Ազգ. վարժարանին մէջ առնելէ ետք 1904-ին Պոլսոյ բժշկական համալսարանին դեղագործական ճիւղին կը հետեւի եւ վկայական կը ստանայ 1907-ին: Մինչեւ տարագրութիւնը իր սեփական դեղարանը կը բանայ Ատապազարի եւ Իզմիտի մէջ։ Տարագրութեան ատեն ընտանեօք մահացու վտանքներէ ազատուելէ վերջ կը փորձէ Մէսքսնէէն Հալէպ փախչիլ եւ հազարումէկ դժուարութիւններով զինուորական դեղագործ կ’ըլլայ յիսնապետ աստիճանով եւ կը ղրկու Երուսաղէմ ուր փոխադրել կու տայ նաեւ իր ընտանիքին ողջ մնացած անդամները:
1918-ին, Անգլիական բանակին կողմէ Պաղեստինը գրաւուած ատեն՝ Թուլ- Քէրիմի մէջ գերի բռնուելով Եգիպտոս կը տարագրուի, վեց ամիս բանտարկուելէ ետք ազատ արձակուելով Երուսաղէմ իր ընտանիքին քով կը վերադառնայ: Երկու տարի կառավարութեան կողմէ պաշտօն կը վարէ Բեթղեհեմի մէջ, յետոյ դեղագործի նոյն պաշտօնով Գազա կը փոխադրուի, երեք տարի վերջ հրաժարելով՝ Գազայի Անգլիական C.M.S. հիւանդանոցին դեղագործութիւնկը կը ստանձնէ, զոր կը շարունակէ 1923էն ի վեր, յարգուած, սիրուած է անխտիր ամէն ազգի քաղաքացիներէ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 301: