Յակոբ Աղասէր
Արտաքին տեսք
Յակոբ Աղասէր ( 1881-1915) Ծնած է Պոլիս 1881-ին: Կէտիկ Փաշալի եւ Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարաննէն ընթացաւարտ, Եըլտըզի դէպքէն վերջ Գերմանիա մեկնելով՝ մանկավարժ կը վկայուի եւ կ՛անցնի Եգիպտոս կրթ. Պաշտօնով ( Ղղէքսանդրիոյ վարժարանին տնօրէն): Այդ միջոցներուն երբ Հ. Յ. Դ. Կուսակցութիւնը ընկերվարական ծրագիրը կ՛ընդունի, կը հեռանայ կազմակերպութենէն, մնալով բողոքող Դաշնակցական: Սահմ. Հռչակումին կուգայ Պօլիս եւ Միացեալի կողմէ տնորէն կը կարգուի Ատանայի, որմէ յետոյ ընդհ. Տեսուչ Քղիի դպրոցներուն: Ինքը միա՛կը եղած է որ կրցած է անպայման յարգանքն ու վստահութիւնը վայելել Միացեալի Կեդրոնական Մարմինին:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հուշարցան Ապրիլ Տասնըմէկի, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 73