Յակոբի Շէն
Արտաքին տեսք
| Բնակավայր | |
|---|---|
| Յակոբի Շէն | |
| ազրպ.՝ Yaqublu | |
| Երկիր |
|
| Պաշտօնական լեզու | ազրպէյճաներէն |
| Բնակչութիւն | 586 մարդ |
| Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Յակոբի Շէն, Վարդաշէնէն շուրջ քսան քիլոմեթր հարաւ, Վարդաշէն-Եւլախ ճամբուն ձախ կողմը:
Գիւղը մեծ եւ բարեկարգ, զուտ հայաբնակ բնակավայր մը եղած է:
Անիկա ծննդավայրն է Աղուանից Արիստակէս կաթողիկոսին, որ Ճալէթի վանքին մէջ նստած է:
Յակոբի Շէնի մէջ կը գործէին Սուրբ Մինաս եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները, որոնց հետքն իսկ այսօր չէ մնացած:
Գիւղին բնակարանները քարաշէն ամրակուռ կառոյցներ էին:
Գիւղը բազմիցս թշնամիներու յարձակումներ դիմագրաւած եւ կրօնական հալածանքներու ենթարկուած է:
ԺԸ. դարու վերջաւորութեան հոն բնակութիւն հաստատած են Արցախէն տեղափոխուած ընտանիքներ[1]:
Գիւղին հարաւային կողմը, լեռնալանջին գերեզմանատունն է[2]: