Jump to content

Մտագարութիւն

Մտագարութիւնը կը նկարագրէ ախտանշաններու հաւաքածոյ մը, որոնք կը յառաջանան ուղեղին ազդող խանգարումներէ: Անիկա մէկ մասնայատուկ հիւանդութիւն մը չէ: Մտագարութիւնը կ'ազդէ մտածելակերպին, վարուելակերպին եւ ամէնօրեայ գործերը կատարելու կարողութեան: Ուղեղի գործառնութիւնը անձին բնականոն ընկերային եւ աշխատանքային կեանքին միջամտելու չափ կ'ազդուի:

Մտագարութեան ախտանշանը անկարողութիւնն է իրականացնելու առօրեայ գործունէութիւնները՝ իբրեւ հետեւանք ճանաչողական ունակութեան նուազումի: Բժիշկները կ'ախտորոշեն մտագարութիւնը եթէ երկու կամ աւելի ճանաչողական գործառութիւններ զգալիօրէն տկարացած են: Ազդուած ճանաչողական գործառութիւնները կրնան ըլլալ յիշողութիւն, լեզուական հմտութիւններ, տեղեկութիւնը հասկնալու կարողութիւն, տարածական հմտութիւններ, դատողութիւն եւ ուշադրութիւն: Մտագարութիւն ունեցող մարդիկ կրնան դժուարութիւն ունենալ խնդիրներ լուծելու եւ վերահսկելու իրենց զգացումները: Անոնք նաեւ կրնան անհատականութեան փոփոխութիւն զգալ: Մտագարութիւն ունեցող անձի մը զգացած բուն ախտանշանները կախում ունին ուղեղին այն մասերէն, որոնք վնասուած են մտագարութիւնը պատճառող հիւանդութենէն[1]:

Մտագարութեան կարգ մը տեսակներու պարագային որոշ ջղային բջիջներ կը դադրին գործելէ, կը կորսնցնեն կապերը այլ բջիջներու հետ եւ կը մեռնին: Այս կը նշանակէ, որ հիւանդութիւնը աստիճանաբար կը տարածուի ուղեղին մէջ եւ անձին ախտանշանները կը վատանան ժամանակի ընթացքին:

Կարգ մը սովորական նշաններ են՝

• Յառաջացող եւ յաճախակի յիշողութեան կորուստ,

• Շփոթութիւն,

• Անհատականութեան փոփոխութիւն,

• Անտարբերութիւն եւ ներքաշում,

• Առօրեայ գործերը կատարելու անկարողութիւն:

Կարգ մը դեղեր կը մեղմացնեն ախտանշանները: Աջակցութիւնը անհրաժեշտ է մտագարութիւն ունեցող անձերու համար եւ ընտանիքներու, բարեկամներու եւ հոգատարներու օգնութիւնը կրնայ դրական տարբերութիւն ընել վիճակը կառավարելու մէջ:

Մտագարութեան ենթակայ մարդիկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մտագարութիւնը կրնայ պատահիլ ոեւէ մէկուն, սակայն վտանգը կը բարձրանայ տարիքին հետ: Մտագարութիւն ունեցողները ընդհանրապէս տարեցներ են, բայց կարեւոր է յիշել, որ տարեցներէն շատեր մտագարութիւն չեն ունենար: Ան ծերանալու ընթացքին բնականոն մէկ մասը չէ, այլ ուղեղի հիաւանդութեան հետեւանք է: Քիչ կը պատահի, որ 65 տարեկանէն վար մէկը մտագարութիւն ունենայ, եւ այս կը կոչուի «կրտսեր մտագարութեան սկիզբ»: Կան մտագարութեան քանի մը շատ հազուադէպ տեսակներ, ուր գիտցուած է, որ յատուկ ծինի փոփոխութիւն մը կը պատճառէ հիւանդութիւնը: Թէեւ մտագարութեան պարագաներու մեծ մասին մէջ այս ծիները առնչութիւն չունին, սակայն ընտանիքին մէջ մտագարութեան պատմութիւն ունեցողները աւելի հակամէտ են:

Մտագարութեան պատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կան շատ տարբեր հիւանդութիւններ, որոնք կը յանգեցնեն մտագարութեան: Շատ մը պարագաներու անյայտ է, թէ ինչու մարդիկ այս հիւանդութիւնները կ'ունենան: Մտագարութեան ամէնէն տարածուած տեսակներէն ոմանք են՝

Ալզայմըրի հիւանդութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալզայմըրի հիւանդութիւնը ամէնէն հասարակ տեսակն է մտագարութեան, հաշուելով շուրջ երկու երրորդը դէպքերուն: Ան կը յառաջացնէ աստիճանական անկում ճանաչողական կարողութիւններուն, յաճախ սկսելով յիշողութեան կորուստով[2]:

Ալզայմըրի հիւանդութիւնը կը բնութագրուի ուղեղին մէջ երկու անբնականոնութիւններով – օսլայածնական կռածներ

– amyloid plaques – եւ ներդիկային կնճիռներ - neurofibrillary tangles: Կրածոները սպիտի (բրոթէյնի) անբնական խուրձեր են, որոնք կը կոչուին պեթա ամիլոյտ - beta amyloid: Կնճիռները ոլորուած ջիղերու տրցակներ են կազմուած թաու – tau – կոչուած սպիտէ (բրոթէյնէ) մը: Կրածոները եւ կնճիռները կը կասեցնեն հաղորդակցութիւնը ջիղի բջիջներուն միջեւ եւ պատճառ կը դառնան անոնց մեռնելուն:

Երակային մտագարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երակային մտագարութիւնը ճանաչողական անբաւարարութիւն է, որ կը յառաջանայ ուղեղին մէջի արեան երակներու վնասուածքէն: Ան կրնայ պատահիլ մէկ կաթուածով կամ քանի մը փոքր կաթուածներով ժամանակի ընթացքին:

Երակային մտագարութիւնը կ'ախտաճանաչուի, երբ ուղեղին մէջ արեան երակի հիւանդութեան ապացոյց գոյութիւն ունի եւ ճանաչողական գործառութեան տկարացում, որ կը խանգարէ առօրեայ կեանքը: Երակային մտագարութեան ախտանշանները կրնան սկսիլ յանկարծակի կաթուածէ մը ետք, կամ կրնան սկսիլ աստիճանաբար քանի արեան երակի հիւանդութիւնը վատանայ: Ախտանշանները կր տարբերին կախում ունենալով ուղեղի վնասուածքի տեղէն եւ չափէն: Ան կրնայ ազդել միայն մէկ կամ քանի մը յատուկ ճանաչողական գործառութիւններու: Երակներու մտագարութիւնը կրնայ նմանիլ Ալզայմըրզի հիւանդութեան, եւ, Ալզայմըրզի

հիւանդութեան եւ երակային մտագարութեան խառնուրդ մը բաւականին տարածուած է[3]:

Հիւծող մարմինի հիւանդութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւծող մարմինի հիւանդութիւնը կը բնութագրուի ուղեղին մէջ հիւծող մարմիններու ներկայութեամբ: Հիւծող մարմինները alpha-synuclein կոչուած սպիտի անբնական խուրձեր են, որոնք կը կազմուին ջիղերու բջիջներուն մէջը: Այս անբնականոնութիւնները տեղի կ'ունենան ուղեղին յատուկ մասերուն մէջ պատճառ դառնալով շարժումի, մտածելու եւ վարուելակերպի փոփոխութիւններու: Հիւծող մարմինի հիւանդութիւն ունեցողներ կրնան մեծ տատանումներ զգալ ուշադրութեան եւ մտածողութեան: Անոնք կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կրնան երթալ գրեթէ բնականոն գործելակերպէ դէպի ծանր շփոթութիւն: Բաներ տեսնելը (զառանցելը) եւս սովորական ախտանիշ մըն է:

Երեք իրերանման խանգարումներ կրնան ըլլալ Հիւծող մարմինի հիւանդութեան հետ:

• Մտագարութիւն Հիւծող մարմիններով,

• փարքինսընի հիւանդութիւն,

• փարքինսընի հիւանդութիւն մտագարութիւն:

Երբ շարժումի ախտանիշները կը յայտնուին առաջին անգամ, ընդհանրապէս կ'ախտաճանաչուի իբրեւ փարքինսընի (Parkinson’s) հիւանդութիւն, որովհետեւ երբ փարքինսընի հիւանդութիւնը կը յառաջանայ շատեր մտագարութիւն կ'ունենան: Երբ ճանաչողական ախտանիշները նախ կը յայտնուին, անիկա կ'ախտորոշուի իբրեւ մտագարութիւն Հիւծող մարմիններով:

Հիւծող մարմինի հիւանդութիւնը երբեմն կը պատահի Ալզայմըրզ հիւանդութեան հետ եւ/կամ երակային մտագարութեան հետ:

Ճակատաքունքի մտագարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճակատաքունքի մտագարութիւնը կը ներառէ յառաջացող վնասուածք ուղեղի ճակատային եւ/կամ քունքի բաժիններուն մէջ: Ախտանշանները յաճախ կը սկսին 50-ական կամ 60-ական տարիքներուն եւ երբեմն աւելի առաջ: Ճակատաքունքի մտագարութիւնը երկու գլխաւոր ձեւերով կը յայտնուի՝

  • ճակատային (ներառեալ վարքային ախտանշաններ)
  • անհատականութեան փոփոխութիւններ) եւ քունքային (ներառեալ լեզուի խանգարումներ):

Այնուամենայնիւ երկուքը յաճախ իրերանման են: Քանի որ ուղեղին ճակատային մասը կը վերահսկէ դատողութեան եւ ընկերային վերաբերմունքին, ճակատաքունքի մտագարութիւն ունեցողներ յաճախ խնդիր կ'ունենան պահպանելու ընկերային համապատասխան վերաբերմունք: Անոնք կրնան ըլլալ կոշտ, արհամարհել բնական պատասխանատուութիւններ, ըլլալ հարկադրող կամ կրկնող, ըլլալ կռուազան, ցուցաբերել զսպումի պակաս, կամ գործել առանց ծրագրումի:

Ճակատաքունքի մտագարութեան ճակատային կամ լեզուի տարբերակին երկու հիմնական ձեւերը կան:

  • Իմաստաբանական մտագարութիւն որ կը ներառէ բառերու իմաստի աստիճանական կորուստ, բառեր գտնելու եւ մարդոց անունները յիշելու դժուարութիւն,
  • լեզու հասկնալու դժուարութիւն:

Յառաջացող ոչ-սահուն խօսարգելութիւնը աւելի քիչ տարածուած է եւ կ'ազդէ սահուն խօսելու կարողութեան: Ճակատաքունքի մտագարութիւնը երբեմն կը կոչուի ճակատաքունքի քունքի այլասերում (FTLD) կամ Pick’s հիւանդութիւն (Pick’s disease):

Այլ երեւոյթներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարգ մը պարագաներ կան, որոնք մտագարութեան նման ախտանշաններ ունին: Ասոնք յաճախ կարելի է բուժել: Անոնք կրնան ըլլալ կարգ մը կենսանիւթերու եւ հորմոններու պակաս, ընկճուածութիւն, դեղերու ազդեցութիւն, վարակում կամ ուղեղի ուռեր: Անհրաժեշտ է բժշկական ախտաճանաչում կատարել կանուխէն՝ երբ նշաններ կը սկսին առաջին անգամ երեւիլ, ապահովելու համար, որ բուժելի վիճակ մը ունեցող անձը ճշգրտօրէն ախտաճանաչուի եւ բուժուի: Եթէ ախտանշաններու պատճառը մտագարութիւն է, կանուխ ախտաճանաչում մը պիտի նշանակէ, որ աջակցութիւն, տեղեկութիւն եւ դեղերու կանուխ հասանելիութիւնը պէտք է մատչելի ըլլան:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]