Jump to content

Մուրատ Դ.

(Վերայղուած է Մուրատ IV-էն)
Մուրատ Դ.
օսման.՝ مراد رابع
Ծնած է 27 Յուլիս 1612(1612-07-27)[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 8 (18) Փետրուար 1640 (27 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Օսմանեան Կայսրութիւն[2]
Մայրենի լեզու Օսմաներէն[2]
Կրօնք Իսլամութիւն[2]
Մասնագիտութիւն կառավարիչ և բանաստեղծ
Վարած պաշտօններ Օսմանյան կայսրության սուլթան?[3]
Ամուսին Ayşe Sultan?, Fariha Islam?, Ayşe Mahziba Sultan? և Şemsişah Sultan?
Ծնողներ հայր՝ Ահմեդ I?, մայր՝ Քյոսեմ Սուլթան?
Երեխաներ Քայա Սուլթան?, Gevherhan Sultan? և Rabia Sultan?
Ստորագրութիւն

Մուրատ Դ. (27 Յուլիս 1612(1612-07-27)[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 8 (18) Փետրուար 1640, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), Ահմետ I-ի որդին է։

Կեանքի վաղ տարիները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահզատէ Մուրատը ծնած է 26 կամ 27 Յուլիս 1612 թուականին: Ենթադրաբար Սուլթան Ահմետ I-ի երրորդ որդին էր՝ ծնած անոր սիրելի հարճ Քէօսեմ-սուլթանէն: Մուրատը երկար ժամանակ կը գտնուէր իր հարազատներու հսկողութեան տակ: Ան գահ բարձրացաւ 11 տարեկանին: Գահակալման առաջին տարիներուն, ըստ էութեան, մայրը՝ Քէօսեմ-սուլթանը կը կառավարէր երկիրը, որ ըլլալով իշխող սուլթանի մայրը, կը կրէր վալիտէ սուլթան տիտղոսը եւ ունէր լայն լիազօրութիւններ: Ան իշխեց հինգ տարի, մինչեւ 1632 թուականը, եւ այդ շրջանին Օսմանեան կայսրութիւնը յայտնուեցաւ անիշխանութեան մէջ, որմէ օգտուելով, Սեֆեան Պարսկաստանի զօրքերը ներխուժեցին Պաղտատի էյալեթ (ներկայիս կը գտնուի Իրաքի մէջ), միեւնոյն ժամանակ ապստամբութիւն բռնկեցաւ Հիւսիսային Անատոլիայի մէջ, իսկ 1631 թուականին ենիչերիները յարձակեցան պալատին վրայ եւ սպաննեցին Մեծ Վեզիրը ու քանի մը պալատական ծառայողներ: Մուրատ Դ.-ը, վախնալով իր եղբօր՝ Օսման II-ի ճակատագրին արժանանալէն, որ իշխեր էր շատ կարճ՝ ընդամէնը 1618-1622 թուականներուն, կ'որոշէ ամրապնդել իր իշխանութիւնը: Ան մօրը կը մեկուսացնէ իշխանական լծակներէն եւ ամբողջ ղեկը կը վերցնէ իր ձեռքը:

1628 թուականին 16-ամեայ Մուրատ Դ.-ը, Ալլահի օրէնքները՝ շարիաթը ոտնահարելու համար մահապատիժի կ'ենթարկէ Եգիպտոսի նախկին նահանգապետ Քար Մուսթաֆա փաշան, որ նաեւ իր փեսան էր՝ քրոջ Ֆաթիմա սուլթանի ամուսինը:

Բացարձակ իշխանութիւնը եւ կայսերական քաղաքականութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սուլթան Մուրատ Դ.-ը՝ ճաշի ժամանակ. օսմանեան մանրանկար:

Մուրատ Դ.-ը նախ կը փորձէ վերացնել փտածութեան երեւոյթները, որոնք ձեւաւորուած եւ արմատացեր էին դեռ նախորդ սուլթաններու օրոք եւ անուշադրութեան մատնուեր էին իր մօր՝ Քէօսեմ-սուլթանի փաստացի կառավարման տարիներուն՝ պաշտօնատար անձանց կողմէ: Մուրատ Դ.-ը նաեւ արգիլեց ոգելից խմիչքներու, ծխախոտի եւ սուրճի գործածութիւնը Սթամպուլի մէջ, օրէնքը խախտողներուն սպառնալով մահապատիժով: Ինչպէս կը հաղորդեն ժամանակակից աղբիւրները, ան գիշերային հսկողութիւն կը սահմանէ փողոցները եւ առեւտրական տաղաւարներուն մէջ: Գիշերային պահակները կը շրջէին ոստիկանական համազգեստի վրայէն քաղաքացիական զգեստներ հագած: Յանցագործութիւն կատարողներուն բացայայտելով անոնք կը հանէին իրենց քողարկման համար հագած այդ հագուստը եւ կը բռնէին զանոնք ու տեղւոյն վրայ կը գլխատէին:

Պատերազմը Սեֆեան Պարսկաստանի դէմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1635 թուականին Մուրատ Դ.-ն արշաւեց Սեֆեան Պարսկաստանի վրայ։ Կարճ ժամանակի ընթացքին թուրքերը գրաւեցին Թաւրիզը, Երեւանը, Նախիջեւանը: Սակայն ռազմական այդ յաջողութիւնները թուրքերուն դրին ծանր կացութեան մէջ, քանի որ ատոր պատճառով նախօրօք դատարկուեր էին այդ բնակավայրերն ու յարակից տարածքները եւ թուրք զինուորները զրկուած էին ո՛չ միայն աւարառութեան, այլեւ ուտելիք հայթայթելու միջոցէն: Մուրատը նահանջեց, բայց 1638 թուականին սուլթանի գլխաւորած բանակը կրկին գրաւեց Պաղտատը, ինչ որ ստիպեց պարսից շահ Սեֆի I-ին 1639 թուականին Թուրքիայի հետ կնքել Ղասրէ Շիրինի հաշտութեան պայմանագիրը, որմով Հայաստանի տարածքը չորրորդ անգամ բաժնուեցաւ երկու օտար պետութիւններու միջեւ:

Մուրատ Դ.-ի դիմանկարը

Այդ պայմանագիրը վերջ դրաւ Օսմանեան կայրսութեան եւ Սեֆեան Պարսկաստանի միջեւ երկարամեայ հակամարտութեան, որ սկսած էր 1514 թուականին տեղի ունեցած Չալտրանի ճակատամարտով: Այդ եղաւ Մուրատ Դ.-ի ամէնամեծ նուաճումներէն մէկը: Եւ, ընդհանուր առմամբ, երկու պետութիւններու միջեւ վերականգնուեցաւ դեռ 1555 թուականին կնքուած Ամասիայի հաշտութեան պայմանագրով հաստատուած սահմանը: Ղասրէ Շիրինի հաշտութեան պայմանագրով գծուած սահմանը անփոփոխ մնաց գրեթէ մէկ դար:

1641 թուականի Յունիս 7-ին թրքական բանակը մեծ վեզիր Քեմանքեշ Քարա Մուսթաֆա փաշայի գլխաւորութեամբ պաշարեց Ազով բերդաքաղաքը, ուր ամրացած կազակները շուտով՝ յաջորդ տարուայ ամռան, ստիպուած եղան հեռանալ ամրոցէն:

Մուրատ Դ.-ի մահը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այդ ընթացքին Օսմանեան դինաստիայի արական սեռի ներկայացուցիչներ էին միայն Մուրատ Դ.-ը եւ անոր եղբայր Իպրահիմը: Մահէն առաջ Մուրատ Դ.-ը կ'որոշէ Օսմանեան գահը յանձնել Ղրիմի խան Պահատիր I Կերային, քանի որ Իպրահիմը հոգեկան շեղումներ ունէր եւ չէր կրնար պետութիւն ղեկավարել, իսկ Օսմանեաններն ու Կերայները խնամիական կապերով ազգակիցներ էին: Մուրատ Դ.-ը նոյնիսկ կը հրամայէ սպաննել իր եղբօրը, որպէսզի յանկարծ գահը չանցնի անոր ձեռքը: Սակայն վերջին պահուն մայրը՝ Քէօսեմ-Սուլթանը զինք կը փրկէ մահէն: 1640 թուականի Փետրուար 8-ին Մուրատ Դ.-ը մահացաւ, եւ այդպիսով, որպէս գահի օրինական եւ միակ ժառանգ թագաւոր դարձաւ Իպրահիմը: Բայց քանի որ նոր սուլթանը ի վիճակի չէր երկիրը կառավարել, իշխանութիւնը իրենց ձեռքը առին Քէօսեմ-Սուլթանն ու Քարա Մուսթաֆա փաշան:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]