Jump to content

Մկրտիչ Մ․ Մկրեան


Ծնած է 9 Նոյեմբեր 1907
Ծննդավայր Վան
Մահացած է 26 Հոկտեմբեր 1983
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն և  Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունք
Կոչում թղթակից անդամ և փրոֆէսոր
Մասնագիտութիւն Գրականագէտ եւ բանասէր
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան և Հ.Հ. ԳԱԱ Գրականութեան համալսարան
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Մկրտիչ Մ.Մկրեան (9 Նոյեմբեր 1907, Վան - 26 Հոկտեմբեր 1983, Երեւան), հայ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, մանկավարժ։

Մկրտիչ Մամբրէի Մկրեան ծնած է Վան, 9 Նոյեմբեր 1907-ին:

  • 1915-ին կը գաղթէ Հայաստան
  • 1919-ին կը հաստատուի Երեւան, ուր առիթը կ'ունենայ շարունակելու իր ուսումը։
  • 1925-ին կ'աւարտէ Խաչատուր Աբովեանի անուան միջնակարգ դպրոցը։ Ուսուցչական
  • 1930-ին պաշտօնով տարի մը կը մեկնի Նոր Պայազիտ, ուրկէ վերադարձին մուտք կը գործէ Երեւանի Պետական Համալսարան, որու Պատմագրութեան Բաժանմունքի ընթացքը կ’աւարտէ 1930-ին: Նոյն տարին իսկ իրաւունք կը ստանայ հետեւելու ասպիրանդականի դասընթացքներուն:
  • 1939-ին կ'արժանանայ Բանասիրական Գիտութիւններու Թեկնածու աստիճանին՝ ներկայացնելով «Ֆրիկի Ստեղծագործութիւնը» խորագրուած թէզը:
  • 1945-ին կը ստանայ Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր տիտղոսը՝ պաշտպանելէ ետք «Գրիգոր Նարեկացի» վերնագիրով աւարտաճաոը:

Մ․ Մկրեանի մանկավարժական շուրջ յիսնամեայ գործունէութիւնը կը սկսի իր ուսման բարձրագոյն ընթացքը հետապնդած տարիներուն: 1933- էն սկսեալ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը՝ Հայ գրականութեան դասախօսի պաշտօնով կը դասաւանդէ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, միաժամանակ վարելով վարչական մէկէ աւելի պաշտօններ։

  • 1941- 1947 թուականներուն ան կը վարէ Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական Բաժանմունքի պատասխանատու վարիչի պաշտօնը, զոր կը վերստանձնէ 1957-ին ու կը պահԷ մինչեւ 1977:
  • 1947-1952 թուականներուն իրեն կը վստահուի ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան Հիմնարկին տնօրէնի պաշտօնը։
  • 1954-1980 թուականներուն նաեւ կը վարէ Պետական Համալսարանի Հայ Գրականութեան Ամպիոնի վարիչի պաշտօնը:
  • 1956-ին Մ․ Մկրեան կ'ընտրուի ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անգամ: Գրականագիտական ու բանասիրական իր բազմաթիւ յօդուածներէն անկախ, Մ․Մկրեանի գրիչին կը պատկանին հետեւեալ հատորները.
  • Ժգ.- Ժը. Դարերու Հայ Աշխարհիկ Գրականութեան (Երեւան, 1937),
  • Գրիգոր Նարեկացի (Երեւան, 1955),
  • Էջեր Հայ Վիպասանութեան Պատմութիւնից (Երեւան, 1957),
  • Մովսէս Խորենացի (Երեւան, 1970։ Հատորը նախապէս լոյս տեսած է ռուսերէնով՝ Երեւան, 1969-ին),
  • Իսահակեանի Հումանիզմը (Երեւան, 1975),
  • Հայ Հին Գրականութեան Պատմութիւն (Երեւան, 1976),
  • Յովհաննէս Թումանեանի Ստեղծագործութիւնը (Երեւան, 1981),
  • Գրականութեան Պատմութեան Հարցեր (Երեւան, 1982)։

Վերոյիշեալ աշխատասիրութիններէն անկախ, Մ․Մկրեան, 1937 թուականէն սկսեալ՝ «դպրոցական ծրագիրին համաձայն», կազմած է Է․, Ը․, Թ․ եւ Ժ․ դասարաններու համար «Հայ Գրականութեան» դասագիրքերը: 1974-ին ան կը պատրաստէ «Հայ Գրականութիւն» դասագիրքը, սփիւռքահայ դպրոցներու համար:

Մ․Մկրեան կը մահանայ 26 Հոկտեմբեր 1983-ին, Երեւան:

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս , Հատոր Ժ., Պէյրութ, 1984, էջ 386։