Մկրտիչ Անդրանիկեան
Մկրտիչ Անդրանիկեան | |
---|---|
Ծննդեան անուն | Տիգրան |
Ծնած է | 1851 |
Ծննդավայր | Պոլսոյ Եէնի (նոր) Գաբու շրջանը |
Մահացած է | 1939 |
Մահուան վայր | Գահիրէ |
Ազգութիւն | Հայ |
Մայրենի լեզու | Հայ |
Մասնագիտութիւն | երկրաչափական գծագրիչ |
Գործունէութիւն | ելեւմտագէտ, |
Աշխատավայր | Օսմանեան կայսրութեան նախարարութեան, երկրաչափական բաժանմունքի գծագրիչ, Նուպար փաշայի շինարարական ծրագիրներու վերահսկիչ |
Մկրտիչ Անդրանիկեան երկրաչափական գծագրիչ, ելեւմտագէտ, Օսմանեան կայսրութեան նախարարութեան, երկրաչափական բաժանմունքի գծագրիչ, Նուպար փաշայի շինարարական ծրագիրներու վերահսկիչ: ՌԱԿ-ի Երախտաւորներէն:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անդրանիկեան ծնած է Պոլսոյ Եէնի (նոր) Գաբու շրջանը՝ 1851-ի Սեպտեմբերին: Աւազանի անունով Տիգրան կը մկրտուի ու հետագային կ’որոշէ անուանափոխել Մկրտիչի[1]:
Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախնական ուսման համար կը յաճախէ շրջանի Ազգային վարժարանը, ուր գոյութիւն ունէր բարեկեցիկ հայկական գաղութ մը: Նախակրթական ուսման շրջանին Անդրանիկեան յատուկ սէր կը ցուցաբերէ գեղագրութեան հանդէպ ու իր դասարանէն ներս կը յատկանշուի իր գիրի մաքրութեամբ:
Հազիւ 14 տարեկան պատանի, 1865-ին, անոր կ’առաջարկուի դասաւանդել գեղագրութիւն՝ թաղային աղջկանց վարժարանէն ներս: Ան կ’ընդառաջէ սիրայօժար կատարել այդ պաշտօնը յաջորդ երեք տարիներուն, ու միաժամանակ իր միջնակարգ ուսումը կը շարունակէ Կալաթայի Սենթ Փիէռ վարժարանէն ներս:
1867-ին, Օսմանեան կայսրութեան համաձայնութեամբ, ֆրանսական «Կալաթա Սերայ» յայտնի երկրորդական վարժարանը իր դռները կը բանայ Պոլսոյ մէջ, ու Անդրանիկեան կը դառնայ վարժարանի առաջին աշակերտներէն, որ հմտանալով ֆրանսերէն լեզուի մէջ, ինչպէս նաեւ գծագրական արուեստի, յաջողութեամբ իր երկրորդական ուսումը կ’աւարտէ 1871-ին [1]:
Աշխատանքի պաշտօն Օսմանեան կայսրութեան ատենոյ նախարարութեան մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Կալաթա Սերայ» ֆրանսական երկրորդական վարժարանը ծանօթ էր իր կրթական բարձր մակարդակով ու Օսմանեան կայսրութեան ատենոյ նախարարութիւնները իրենց պաշտօնեաները կը նախընտրէին ընտրել այդ կրթարանի շրջանաւարտներէն: Այդպիսով, Անդրանիկեան պաշտօնի կը հրաւիրուի որպէս գծագրիչ, երկրաչափական բաժանմունքի համար՝ Հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան մէջ:
Շուրջ երկու տարի գործելէ եւ որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, յարմար կը նկատեն զինք ուղարկել Անատոլու, ուր երկաթուղագիծի շինութեան որպէս վերակացու շուրջ տարի մը կը հետեւի շինարարութեան:
1874-ին այս անգամ նախարարութիւնը զինք կ’ուղարկէ Պալքաններ, ուր կը ծանօթանայ յայտնի ազգային գործիչ Գէորգ Էֆենտի Ասլանեանին, ու կը դառնայ անոր օգնականը, որպէս երկրաչափական գծագրիչ:
Պալքաններու այս հսկայ ծրագիրը կ’առկախուի 1876-ին, ռուս-թրքական պատերազմին պատճառաւ, եւ Անդրանիկեան կը վերադառնայ Պոլսի, շարունակելու իր նախորդ պաշտօնը:
Եգիպտոսի Նուպար պէյի Քաւալայի ծրագրին օգնական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1878-ին Անդրանիկեան կը դառնայ Եգիպտոսի Նուպար պէյի Քաւալայի ծրագրին օգնականը, Գէորգ Էֆենտի Ասլանեանի հետ ունեցած ծանօթութեան շնորհիւ ու իր վայելած վստահութեան համար:
Նուպար պէյ այդ ժամանակ կրցած էր Օսմանեան կառավարութենէն առանցնաշնորհում մը ստանայ՝ Քաւալայի շրջանի լճակը վերածելու ծխախոտ աճեցնելու հողատարածքի, եւ շուրջ երկու տարուան ընթացքին Անդրանիկեան կը յաջողի զինք վստահուած այդ ծրագիրը իրականացնել:
1880-ին Նուպար պէյ, որ արդէն նկատած էր Անդրանիկեանի կարողութիւնները Քաւալայի ծրագրին գտած յաջողութենէն ետք, կը հրաւիրէ Անդրանիկեանը, որ տեղափոխուի Գահիրէ, իրեն վստահելու կարեւոր պաշտօն մը Պահերա (Bahera) ընկերութեան մէջ:
«Մաճիտիէ» պատուանունը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պահերա ընկերութիւնը ծանօթ էր մանաւանդ 19-րդ դարու աւարտին, որպէս Միջին արեւելեան դրամական շահարկումներու հաստատութիւն, ու կարճ ժամանակի մէջ երախտաւորը դարձած էր հմուտ ելեւմտագէտ, որուն համար ալ 1889-ին իրեն շնորհուած է «Մաճիտիէ» պատուանունը:
Հաստատութենէն ներս երախտաւորը արդէն դարձած էր յարգուած անձնաւորութիւն մը, իր բացառիկ վարչական կարողութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ՝ հաշուապահական բծախնդրութեան:
Նուպար փաշայի շինարարական ծրագիրներու վերահսկիչը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1895-ին, Պահերայի մէջ իր պաշտօնէն կը հեռանայ ու միայն Նուպար փաշայի համար կը գործէ, շուրջ երկու տարի: Նուպար փաշան, որպէս ճարտարագէտ, բազմաթիւ շինարարական ծրագիրներ մշակած էր Գահիրէի մէջ ու անոնց հսկողութիւնը կը վստահի Անդրանիկեանին:
1897-ին Անդրանիկեան կը ծանօթանայ Նուպարի տղուն՝ Պօղոսին, որուն հետ հետագային երկար տարիներ պիտի գործէր ազգային կարեւոր առաքելութեամբ:
Անդրանիկեան բացի մտերիմը ըլլալէ Պօղոս փաշայի, իրեն այս անգամ կը վստահուի նաեւ Պօղոսի շահարկման գործերը կարգի դնել:
1899-ին Նուպարեան գերդաստանը երախտաւորին կը վստահի իրենց ընտանեկան փոխանորդութիւնը, մանաւանդ նուպարեաններու կալուածներու խնամատարութիւնը:
Գահիրէի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիրներէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1906 Ապրիլ 15-ին, Գահիրէի մէջ կեանքի պիտի կոչուէր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Պօղոս Նուպար փաշայի գլխաւորութեամբ: Հիմնադիր 9 անդամներու կազմին մաս կը կազմէր Անդրանիկեան, դառնալով նորակազմ միութեան առաջին գանձապահը, առաւելաբար իր ելեւմտական հմտութեան համար: Իսկ Միութեան ատենադպիրի պաշտօնը կը վստահուի Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանին, որ պիտի դառնար երեսփոխան՝ Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանին: Միութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը կը վստահուի յայտնի իրաւաբան՝ Վահան Մալէզեանին:
1913-ի Պօղոս Նուպար կու գայ հաստատուելու Փարիզ, ուր Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովն ալ կը գործէ, վայելելով ֆրանսահայ գաղութին յարգանքը: Երախտաւորը, այդ շրջանին եւս, որպէս հիմնադիր անդամ, կը մնայ կազմին մէջ, որպէս հեռակայ պատուակալ անդամ:
եգիպտահայ գաղութի ազգային կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1914-ին պաշտօնապէս հանգստեան կը կոչուի Անդրանիկեան՝ իր արհեստէն, միեւնոյն ժամանակ պահելով նուպարեաններու ստացուածքներուն փոխանորդութիւնը: Իրեն համար հանգիստ չկար, մանաւանդ եգիպտահայ գաղութի ազգային կեանքէն ներս՝ Թեմական խորհուրդ, Բարեգործական եւ Ռամկավար կուսակցութիւն:
«Արեւ» օրաթերթի սատարողը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1915-ին, Գահիրէի մէջ, Վահան Թէքէեանի խմբագրութեամբ «Արեւ» օրաթերթը քաջալերող ու սատարողներէն մէկը դարձաւ երախտաւորը [1]:
Մեծ եղեռնի գաղթականներու օժանդակողը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ եղեռնէն, ու մանաւանդ, Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ան ամէն գնով կը ջանար Բարեգործականի միջոցաւ օժանդակել գաղթականներուն:
Գաղափարական Մամուլի տարածման գործը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յառաջացած տարիքին ան հետամուտ էր գաղութներու կայունացման ծրագիրներու ու գաղափարական Մամուլի տարածման գործին:
1939-ի Յունուարին, 88 տարեկան հասակին, երախտաշատ վաստակով, Գահիրէի մէջ ան իր աչքերը յաւիտեան կը փակէր, արժանանալով ազգային պատշաճ յուղարկաւորութեան [1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]էջ 14 ՊՈԼՍՈՅ 1860-ի ԵՒ ԳԱՀԻՐԷԻ 1906-ի ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ Ե. Գ. ԱՂԱԹՕՆ