Jump to content

Միրզա Քէթէնճեան

Միրզա Քէթէնճեան
Ծնած է 1885
Մահացած է անհայտ
Կրթութիւն Կոստանդնուպոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ, քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ծնողներ Թորոս Քէթէնճեան

Միրզա Քէթէնճեան Թորոսի (նաեւ՝ Էմիրզա, 1885 - անհայտ), հայ բժիշկ։

Ծնած է մօտաւորապէս 1885 թուականին։ 1912 թուականին աւարտած է Կոստանդնուպոլ­սոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։ Եդեսիա քաղաքին մէջ որպէս բժիշկ աշխատած է։ Եղած է ՀՅԴ գործիչ։

1915 թուականի Ապրիլին բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած՝ Չանղըրը։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի՝ 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ Չանղըրըի աքսորավայրէն դիմած է փախուստի։ Գասթեմունիի մէջ ձերբակալուած է, բայց շնորհիւ տեղի ոստիկան զինուորներու հրամանատարի բարեացակամութեան, ազատուած է Տէր Զօրի աքսորուելէ։ Չանղըրըիի մէջ կանչուած է զինուորական ծառայութեան՝ որպէս հարիւրապետ զինուորական բժիշկ։ Այնուհետեւ Անգարա, ապա Գոնիա գացած է։ 1920 թուականին Եդեսիայ մէջ (Ուրֆա) եղած է թուրքական բանակին դէմ հայոց ինքնապաշտպանական հերոսամարտի ղեկավարներէն։

  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Վիեննա, 1922։
  • Սիմոն Հովիւեան, «Ապ­րի­լե­ան Նա­հա­տակ­նե­րուն Շա­ւի­ղով, Մեծ Եղեռ­նի 60-ամե­ա­կի Սե­մին», Պէյրութ, 1975, 349 էջ։
  • Պալաքյան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Երեւան, 1991։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (Թուրգերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Աւագեան Կարինէ, Եղեռնահուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի, Երեւան, 2002։
  • Աւագեան Կարինէ, «Չան­ղը­րըի 1915 թուականի ապ­րի­լի 11, Յի­շա­տակ»… Թանգարանային ցուցանմոյշը, «Հան­դէս Ամ­սօ­րե­այ», 2008, հ. 1-12։
  • Իսկահատեան Յ., Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան, Գիրք Գ․, Պէյրութ, 2011, 395 էջ։

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։