Միութիւն (թերթ, Թիֆլիս)
«Միութիւն», գրական-գեղարուեստական, հասարակական շաբաթաթերթ։ Ընդհանուր հայ աշակերտական միութեան օրգան։ Լոյս տեսած է 1917-1919-ին, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Գ․ Աբովեան, Ս․ Էլբակեան։ Լուսաբանած է դպրոցական կեանքը Անդրկովկասի մէջ, արծարծած կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցեր։ Մեծ ուշադրութիւն նուիրած է մայրենի լեզուով ծրագրերու ստեղծման ու կատարելագործման, պարբերաբար անդրադարձած է հայոց լեզուի ու գրականութեան, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ այլ առարկաներու ուսուցման խնդիրներուն՝ այդ նպատակով մեթոդական օգնութիւն ցոյց տուած ուսուցիչներուն։ «Միութիւն»-ը տպագրած է լուրեր Անդրկովկասի մշակութային, գրական, հասարակական կեանքէն, գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, բանավիճային յօդուածներ։ Աշխատակցած են Գ․ Քացաղեանը, Ա․ Քանանեանը, Ս. Ամիրխանեանը, Հ․ Շեկոյեանը, Վ. Մաղալեան եւ ուրիշներ։