Jump to content

Միշէլ Պետրոսեան

Միշէլ Պետրոսեան
Ծնած է 1973[1]
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Փարիզի երաժշտանոց
Conservatoire à rayonnement régional de Paris?
Տեսակ դասական երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն երգահան, ժապաւէններու երաժշտութիւններու հեղինակ
Կայքէջ michelpetrossian.com(ֆր.)(անգլերէն)

Միշէլ Պետրոսեան (1973[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), փարիզաբնակ հայ յօրինող։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Երեւան։ Երաժշտական ուսումը կատարելագործած է Փարիզի երաժշտանոցին մէջ։

Բնակելով Փարիզ՝ որպէս հայ՝ Միշել ապրած է երկու ինքնութեանց պատկանելու տուայտանքը։ Այս երեւոյթը դրսեւորուած է 2017-ի իր ստեղծագործութեան ընդմէջէն, որ ներկայացուած է Լոս Անճելըսի մէջ[2]։ Անոր նիւթն էր «Հէքեաթային բոց, բռնկող կրակ» (A Fiery Flame, A Flaming Fire): Անոր նպատակն էր ինքնութեանց շարժունութիւնն (mobility) ու արագութիւնը (fluidity) ցուցաբերել երաժշտութեան միջոցաւ։

Միշելի ուրիշ մէկ ստեղծագործութիւնը՝ «Արցախի երգը», ներկայացուած է Տաթեւի վանքին մէջ։ Այս գործին մէջ Միշել օգտագործած է բնութեան եւ թռչուններու ձայները՝ որպէս մեղեդիներու մեկնակէտը։ 2018-ի Նոյեմբերին՝ այս գործը սփռուած է Ֆրանսայի պետական ռատիօկայանէն։

Միշելի հայկական արմատները պատճառ դարձան, որ ան յօրինէ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը՝ «100 տարուան յիշատակ, կեանքի նուագահանդէս մը»: Այս գործին մէջ Միշել հարցականի տակ կը դնէ Աստուծոյ բացակայութիւնը, մեծ եղեռնի ընթացքին։ Այս ներկայացումը կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղին կողմէ[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 http://brahms.ircam.fr/michel-petrossian
  2. «Edition Gravis»։ www.editiongravis.de (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-06-23 
  3. «ՕՏԱՐ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱԿ ՓԱՅԼՈՂ ՀԱՅԵՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-06-23