Մինի Մաուս
Մինի Մաուս անգլերէն՝ Minnie Mouse | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | անգլերէն՝ Minerva Mouse |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Emily Cratchit |
Մասնագիտութիւն | handyman |
Ծնողներ | հայր՝ Marcus Mouse?, մայր՝ Mrs. Mouse? |
Կայքէջ | mickey.disney.com/…(անգլերէն) |
Մինի Մաուս (Մինի Մկնիկ) (անգլերէն՝ Minnie Mouse), մարդակերպ մկնիկ մը, որ ստեղծուած է 1928-ին, Ուոլթ Տիզնիի կողմէ։ Կերպարին ամբողջական անունը Միներվա Մաուս է (Minerva Mouse), սակայն անիկա հազուադէպօրէն կ'օգտագործուի։ Մինին Միքի Մաուսին սիրուհին է Տէյզի Տաքին ամէնէն մօտիկ ընկերուհին։
Առաջին անգամ Մինի Մաուսը յայտնուած է 1928-ին, «Խելագար ինքնաթիռը» շարժապատկերին մէջ։
Մինիին նոյնպէս առաջին անգամ հնչիւնաւորած է նոյնինքն Տիզնիին ձայնը: Իր յայտնուելուն պահէն ի վեր Մինին արտացոլած է այն ժամանակուան երիտասարդական մշակոյթին միտումները, մասնաւորապէս, կարմիր գոյնին հանդէպ սէրը: 1940-ական թուականներուն Մինիին հանդերձանքը վերանայուած է եւ անոր գլխարկը փոխարինուած է գլուխին վրայ վարդակապով, նոյնիսկ անոր կօշիկին վրայ յայտնուած են պզտիկ վարդակապեր: Մինիին աչքերն ալ աւելի արտայայտիչ դարձած են: Ամբողջ քառասնական եւ յիսունական թուականներուն անոր տեսքը պահպանողական էր: Առօրեայ կեանքին մէջ Մինի կը կրէ առանց թեւերու կարմիր զգեստ մը ճերմակ սիսեռանախշով եւ դեղին կօշիկներով: Մինին կրած է նաեւ բազմաթիւ լողազգեստներ, սակայն աւելի տարածուած եւ նրբագեղ կը նկատուի անոր կարմիր՝ առանձնացուած շրջազգեստով լողազգեստը եւ կարմիր երիզը՝ ճերմակ սիսեռանախշով: Նորաձեւութեան համաշխարհային տուները իրենց հաւաքածոներուն մէջ բազմիցս ներառած են Մինիի հագուստէն մասեր, մասնաւորապէս՝ երիզներն ու սիսեռանախշը: Միքիի ականջներով պատրաստուած գլխազարդերը նոյնպէս նորաձեւութեան մաս կազմած են[1]: