Տէյզի Տաք

Տէյզի Տաք
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Daisy Duck
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Isabelle
Կայքէջ mickey.disney.com/…(անգլերէն)

Տէյզի Տաք (անգլերէն՝ Daisy Duck), շարժապատկերի կերպար, որ ստեղծուած է 1940-ին՝ Տիք Լանտլիի կողմէ։ Տէյզին մարդակերպար բադ մըն է։ Սովորաբար ան հանդէս եկած է իբրեւ Տոնալտ Տաքին ընկերուհին։ Ան կը հագնի վարդագոյն կամ մանիշակագոյն զգեստ մը, իսկ գլխուն կը կրէ մեծ վարդագոյն ժապաւէն մը։ Տոնալտէն կը տարբերի կանացի կերպարին բնորոշ յատկանիշներով՝ երկար թարթիչներով եւ գանգուր մազերով։ Տէյզին միշտ կը հագնի բարձր կրունկներ։ Ան նախկին ներկայացումներուն մէջ կը կրէր Տոննա Տաք անուանումը[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]