Մինաս Ա. Քհնյ. Մինասեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Մինաս Ա. Քհնյ. Մինասեան |
---|
Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Մինասեան (1928), Աւանի անունով Յովակիմ, որդի Հրանդի եւ Կիւլլիի, ծնած է քիլիսցի ծնողքէ, Հալէպ, 1928-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Զաւարեան վարժարանէն, զոր աւարտած է 1943-ին։ Նիւթական դժուարութեանց պատճառով չէ կրցած ուսումը շարանակել։ Հանապազօրեայ հացի հրամայականը զինք նետած է գործնական կեանքի։ Հետեւած է արհեստի ու տարիներ ետք յաջողած է ըլլալ նախ ատաղձագործ եւ ապա՝ կահագործ։
Իր մանկութեան կը յաճախէ եկեղեցի։ Իսկ պատանեկութեան շրջանին կը հետաքրքրուի թատրոնով։ Ժամանակ մը ետք կր սկսի հետեւիլ թատերական աշխատանքներուն եւ մաս կը կազմէ Հալէպի «Զաւարեան» թատերախումբին։ Ան առիթ կ՚ունենայ բեմ ելլելու: Իբրեւ համեստ կարողութեամբ դերասանը իրեն վստահուած դերերը յաջողութեամբ կը կատարէ։ Տարիներու փորձառութեամբ կ՚ունենայ բեմականութիւն ու համարձակութիւն։ Այսպիսով, ան իր երիտասարդութիւնը կը յաջողի պահել ու պահպանել միութենական կեանքի ու արուեստասէր շրջանակի մէջ։
Տարիներու աշխատանքով իր նիւթական վիճակը քիչ մը բարելաւելէ ետք, կը պատրաստուի ամուսնութեան։ Կ'ընտրէ իր կեանրի ընկերը* բնիկ զէյթունցի, օրդ. Քնարիկ Ճուլֆայեանը, որուն հետ կը պսակուի 1965-ին, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ ՝ Տէր Գարեգին քհնյ. Քիրազեանի եւ կ՚ունենայ հինգ զաւակներ՝ Վարդուհի, Հրանդ, Սօսի, Սեպուհ եւ Մանուէլ:
1972-ին մուտք կր գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը՝ հետեւելու քահանայից դասընթացքի։ Մէկ տարուան ընթացքին կը սորվի քահանայագործութեան գործնական բաժինը եւ 1973-ին կը վերադառնայ Հալէպ, քահանայ ձեռնադրուելու։ Իր ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ՚ունենան ձեռամբ՝ Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Ճէզիրէի Հայոց աոաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Խաժակ վրդ. Յակոբեանի, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ 23 Սեպտեմբեր 1973-ին, վերակոչուելով Տէր Մինաս եւ օծակից ունենալով Տ. Յուսիկը։
Քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի տնօրինութեամբ, հոգեւոր հովիւ կր նշանակուի Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, որ ունէր աւելի քան 850 ընտանիք, ըստ Գամիշլիի թաղականներու տուած տեղեկութեան։ Տարիներու ծառայութեամբ, կ՚ունենայ հովուական հարուստ փորձառութիւն։ Կը հետաքրքրուի իր եկեղեցւոյ զաւակներով։ Հովուական այցելութիւններով առիթ կ՚ունենայ աւելի մօտէն ճանչնալու իր հօտը։ Կ՚ընտելանայ տեղական պայմաններուն։ Կը պաշտօնավարէ նոյն եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ 1992 թուական։
Քահանայագործութեան առաջին տարիներուն, ամիսը անգամ մը պատարագ կը մատուցանէ Տէրիք։ 1980-ին, մէկ ամիսով կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ՝ հարազատները տեսութեան։ 1992-ին, դժբախտութիւնը կ՚ունենայ սրտի տագնապով կորսնցնելու իր երիտասարդ երէցկինը, որուն մահը մեծ պարապութիւն մը կը ստեղծէ հովուական ու ընտանեկան կեանքին մէջ։ Այնուհետեւ նոյն գաղութին մէջ հովուական գործը շարունակելը իրեն համար կր դառնայ անկարելի։ Ուստի այս մթնոլորտէն ու միջավայրէն դուրս գալու համար, կ'որոշէ տեղափոխուիլ Հայաստան, որ այդ օրերուն այնքան կարիքը ունէր եկեղեցականներու։ Իր վիշտին մէջ կը սխալի, որովհետեւ առանց թեմի առաջնորդին ու կրօնական Ժողովին հաւանութիւնը առնելու, իր որոշումը կը գործադրէ։
1992-ին, կը հաստատուի Հայաստան ու հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ստեփանաւանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։ Գիտակցաբար հաշտուած հայրենիքի ներկայ տնտեսական իրավիճակին հետ, օր ըստ օրէ կ'ընտելանայ տեղական բարքերուն, մտայնութեան ու կենցաղին։ Ըստ իր վկայութեան, հոգեպէս ինքզինք շատ հանգիստ կը զգայ հայրենի հողին վրայ քահանայագործելով։ Ճիշդ է որ իր այս անակնկալ տեղափոխութիւնը դժգոհանք կր յառաջացնէ Ազգ. Առաջնորդարանի ու իր հօտին մօտ, բայց Սրբազանը, իրրեւ հայր ներողամիտ վերաբերում կ՚ունենայ իրեն հանդէպ, նկատի առնելով երէցկնոջ մահուան պատճառած խոր վիշտը, ինչպէս նաեւ որբ զաւակներով այդ աւանդապահ ապագային մէջ առանց երէցկնոջ քահանայագործելու ապագայի հաւանական անպատեհութիւնները։
Առ ի գնահատանք Գամիշլիի մէջ տարիներու իր փառաւոր ծառայութեան, ստացած է Լանջախաչ կրելու իրաւունք 1983-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Կաթողիկոսէն։ Իսկ 1992-ին, դարձեալ նոյն Վեհափառէն ստացած է Ծաղկեայ սեւ փիլոն կրելու իրաւունք, իսկ աւելի ուշ Աւագութեան տիտղոս եւ պատիւ:
Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ էջ։