Միհրան Մելիքեան
Միհրան Մելիքեան | |
---|---|
Ծնած է | 1922 |
Ծննդավայր | Թուրքիա, Բալու |
Ազգութիւն | Հայ |
Աշխատավայր | Լուսանկարչութիւն |
Միհրան Մելիքեան (1922, Թուրքիա, Բալու), լուսանկարիչ, 1930-ին եկած է Հալէպ: Շրջանաւարտ Կիւլպէնկեան Ազգային Վարժարանէն: Ուսուցիչը տարած է զինք Տէրունեան լուսանկարչատունը. հայր Տէրունեան, արուեստի բծախնդիր այդ մարդը, գաղտնի բոլոր դռները բաց կը ձգէր իրեն դիմող պատանիներուն առջեւ։ 1939-ի պատերազմի պատերազմի օրերուն, վարպետը զինք կը փոխադրէ Պէյրութի լուսանկարչատունը, ուր կը ստանձնէ գործին հսկողութիւնը։ Աշխատած է նաեւ Փարամաունթ լուսանկարչական հաստատութեան մէջ։ Ապա կը հիմնէ իր սեփական սթիւտիոն։
Արուեստագէտ լուսանկարիչ մը, որ իր թեքնիք գիտելիքներով եւ արուեստի խորունկ զգայնութեամբ, մնայուն հետաքրքրութիւն ստեղծած է ու պահած իր անունին շուրջ։ Շրջան մը զբաղած է նաեւ շարժուն կեանքի լուսանկարչութեամբ, լուսանկարելով այլազան պահերու ամենագեղեցիկ վայրկեաններ։ Հաւասար յաջողութեամբ բոլոր ճիւղերուն մէջ ինքզինք արժեցուցած արուեստի այս նուիրեալը, կը մնայ տիրական դէմքերէն մէկը լիբանանեան լուսանկարչութեան։[1]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հայերը Լիբանանի մէջ, հատոր Գ, էջ 370-371