Jump to content

Մենկիսթու Հայլէ Մարիամ

Մենկիսթու Հայլէ Մարիամ
ամհարերէն՝ መንግስቱ ኃይለ ማርያም
Պատկեր:Mengistu Haile Mariam.jpg
Ծնած է 27 Մայիս 1941
Ծննդավայր Galla-Sidamo Governorate, Italian East Africa
Քաղաքացիութիւն  Եթովպիա Եթովպիա
Մայրենի լեզու Ամհարերէն
Կրօնք Եթովպական ուղղափառ միաբնակ եկեղեցի?[1] եւ Աթէիզմ
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, զինուորական
Վարած պաշտօններ President of Ethiopia?, President of Ethiopia? եւ Աֆրիակայի միության կազմակերպության նախագահ?
Կուսակցութիւն Workers' Party of Ethiopia? եւ Commission for Organizing the Party of the Working People of Ethiopia?

Մենկիսթու Հայլէ Մարիամ (27 Մայիս 1941) եթովպիացի քաղաքական գործիչ է, որ Եթովպիոյ բռնապետը եղած է 1977-էն մինչեւ 1991-ը: Ան եղած է Քոմունիստական ռազմական խունթայի (Տերկ) նախագահը, որ կառավարած է Եթովպիան 1977-էն մինչեւ 1987-ը եւ Եթովպիոյ Ժողովրդական Տեմոքրաթական Հանրապետութեան նախագահը 1987-էն մինչեւ 1991-ը: Տերկը իրականացրած է Եթովպիոյ հեղափոխութիւնը, որ հետեւեցաւ 1974-ին Հայլէ Սելասիէ I-ին գահընկեցութեանը, վերջ դնելով 13րդ դարէն ղեկավարած Սողոմոնեան տինասթիային: Մենկիսթուն ոյժով վերացուց իր մրցակիցները Տերկէն եւ ինքզինք դարձուց Եթովպիոյ բռնապետ փորձելով բարեփոխել ֆէուտալական տնտեսութիւնը մարքսիզմով ոգեշնչուած քաղաքականութեամբ ազգայնացումով եւ հողերու վերաբաշխումով: 1977-1978-ին ան իրականացուց արիւնոտ ոյժի կիրառութիւն ընդդիմախօս խումբերու հանդէպ[2]:

1991-ին Ազգային Շէնկոն լուծարուեցաւ եւ ստեղծուեցաւ անցումային կառավարութիւն, որմէ ետք Մենկիսթուն լքելով Եթովպիան, հեռացաւ Զիմպապուէ: Մինչեւ հիմա Մենկիսթու Հայլէ Մարիամը կը բնակի Հարարէին մէջ եւ հոն կը մնայ թէեւ Եթովպիոյ դատարանը անոր մեղաւոր ճանչցած է ցեղասպանութեան մեղադրանքով:[3]

2007 Յունուար 11-ին Եթովպիոյ Գերագոյն դատարանը Մենկիսթու Հյալէ Մարիամը հեռակայ դատապարտած է ցմահ ազատազրկութեան: Սակայն, գլխաւոր դատախազութիւնը բեկանած է դատարանի որոշումը եւ անոր եւ իր 18 համախոհները դատապարտուած են մահուան կաղախանի միջոցաւ:[4].

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]