Jump to content

Մեծ Սէրայ

Մեծ սերայի ընդհանուր տեսքը

Պէյրութի Մեծ Սերայ, Լիբանանի վարչապետին նստավայրը եւ աշխատանքի կեդրոնատեղին։ Անիկա կը գտնուի Պէյրութի կեդրոնին մէջ՝ բլրակի մը վրայ, խորհրդարանի շէնքէն քանի մը թաղամաս հեռու։

Մեծ Սերայը պատմական շէնք մըն է։ Անիկա ամէնանշանաւորն է Սերայի բլրակին վրայ գտնուող՝ Օսմանեան ժամանակաշրջանէն մնացած 3 պատմական շինութիւններուն մէջ։ Միւս երկուքը ներկայիս Զարգացման եւ վերակառուցման խորհուրդին զբաղեցուցած շէնքն է եւ Համիտիյէ ժամացոյց աշտարակը։

Սերայը իր կարեւորութիւնը վաստակած է շնորհիւ այն յաջորդական դերերուն, զորս կատարած է 1832 թուականէն սկսեալ։

Շինարարութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օսմանցիներուն դէմ տարած կարճատեւ իր յաղթանակէն ետք, Եգիպտոսի տիրակալ՝ Իպրահիմ Փաշա, 1831 թուականին զինուորական կայան մը կը հաստատէ Պէյրութին հայող բլրակի մը արեւմտեան կողմին վրայ։

Այդ օրերուն, բլրակը կը գտնուէր քաղաքի պարիսպներէն դուրս։ Եգիպտացիները այս բլրակը ընտրած էին զինուորական նպատակներու համար։ Անիկա ունէր բարձր դիրք մը եւ կ'իշխէր Մունաժժիտին շուկային վրայ։

Այս շուկան, որ ներկայիս ծանօթ է դրամատուներու փողոց անունով, կը գրաւէր ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող դիրք մը Պէյրութի կեդրոնին մէջ, ըլլալով մօտիկ Դալլ՛էթ էլ Ամըրքէն կոչուող բլուրին եւ Պապ Եաագուպին, որ Պէյրութի մուտքերէն մէկն էր։ Այդ ժամանակաշրջանի պատմաբաններէն՝ շէյխ Ապտէլ Պասիթ էլ Ունսի կը նկարագրէ, որ խնդրոյ առարկայ բլուրը ունէր տիրական դիրք մըն էր Պէյրութի արեւմտեան կողմին վրայ, հեռու էր բնակչութենէն եւ կը հսկէր ամբողջ քաղաքին ու Միջերկրականի ափին։ Այսպիսով, անիկա հնարաւորութիւն կու տար եգիպտական զօրամիաւորումին, որպէսզի լաւապէս հսկողութեան տակ պահէ Պէյրութը եւ անոր մօտակայ շրջանները։ Մինչեւ այն ատեն որ եգիպտացիները կը գտնուէին բլուրին վրայ, մարդիկ զայն կը կոչէին «ալ սաքանա»՝ զօրանոց, տրուած ըլլալով, որ Իպրահիմ Փաշան զայն ընտրած էր իբրեւ իր զինուորներու հաւաքատեղի։

1840-ին, օսմանցիները վերագրաւեցին Սուրիան եւ լիբանանեան տարածքները՝ փրուսական, ռուսական եւ անգլիական նաւատորմիղներուն օգնութեամբ։ Օսմանեան զինուորական իշխանութիւնները հետաքրքրուեցան Պէյրութի վրայ տիրական դիրք ունեցող այս բլրակով եւ այնտեղ զինուորական խարիսխ մը հաստատեցին։

Բլուրին վրայ կառուցուած շէնքը նախ ծառայեց իբրեւ օսմանեան զինուորական եւ քաղաքային իշխանութեան կեդրոնատեղի, եւ ապա, ընդարձակուելէ ետք, դարձաւ օսմանցի կառավարիչներու գլխաւոր նստավայրը եւ աշխատատեղին։

Այդ օրերուն, պէյրութցիները բլրակին տուին Գըշլէ թրքական անունը, որ կը նշանակէ բանակատեղի կամ զինուորական թաղամաս։

Մինչեւ 1856 թուական, Մեծ Սերայը բաղկացած էր մէկ յարկէ։ Այդ տարին աւելցուեցաւ երկրորդ յարկ մը, մինչ առաջինը վերածուեցաւ հեծեալներու գունդի կեդրոնի։ 1877-էն 1894-ի միջեւ տեղի ունեցան հիմնական կառուցային փոփոխութիւններ, որոնք Սերային տուին իր ներկայ տեսքը։ 1865 թուականին, Ապտուլ Ազիզ Սուլթանին հրամանով, Սերայի տարածքին մէջ կառուցուեցաւ զինուորական հիւանդանոց, որուն ժողովուրդը տուաւ Հասթահանէ թրքերէն անունը։ Հիւանդանոցի շէնքը բաղկացած էր երկու մասերէ, որոնցմէ հիւսիսային մասին մէջ հաստատուած էր նաեւ դեղարանը։

Շինութիւններուն Ճակատագիրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1918-ին, երբ ֆրանսական բանակը մտաւ Պէյրութ, ֆրանսացիք հիւանդանոցի շէնքը վերածեցին դատարանի։ Յետոյ դատարանը փոխադրուեցաւ այլ տեղ, իսկ շէնքը սկսաւ ծառայել իբրեւ լիբանանեան համալսարանի գեղեցիկ արուեստներու կաճառ։

1975-ին բռնկած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին այս շէնքը գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուեցաւ։ Անիկա վերաշինուեցաւ հանգուցեալ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նուիրատուութեամբ եւ տրամադրուեցաւ Զարգացման եւ Վերաշինութեան խորհուրդին։ 1897-ին, ժամացոյց աշտարակ մը կառուցուեցաւ Մեծ Սերային մօտ, նշելու համար օսմանեան Ապտուլ Համիտ Բ. սուլթանի գահակալութեան 10-ամեակը։ Նմանօրինակ երկու այլ ժամացոյց աշտարակներ բարձրացուեցան Թրիփոլիի եւ Պաղեստինի Հայֆա քաղաքին մէջ։

Համիտիյէ աշտարակը

Համիտիէ ժամացոյց աշտարակի նախագիծին հեղինակն է Եուսէֆ Աֆթիմուս։ Աշտարակը 1994 թուականին վերակառուցուեցաւ եւ ստացաւ իր սկզբնական տեսքը:

Ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1918-ին, Ա. համաշխարհային պատերազմի աւարտին, օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն ետք, արաբական յեղափոխութեան դրօշը ծածանեցաւ Սերային վրայ։

Սակայն ատիկա տեւեց շատ կարճ։ Նոյն տարուայ Հոկտեմբեր 8-ին, դաշնակից ուժերը ցամաքէն եւ ծովէն մտան Պէյրութ եւ գրաւեցին ամբողջ Լիբանանի ծովեզերքը։

Դաշնակից ուժերու հրամանատար զօրավար Ալենպիի հրամանով Մեծ Սերայը գրաւուեցաւ։ Անիկա դարձաւ Լիբանանի զինուորական կառավարիչ ֆրանսացի սպային կեդրոնատեղին։ 1926-ին ֆրանսացիք փոփոխութիւններ կատարեցին Մեծ Սերայի արտաքին տեսքին վրայ, հիւսիսային կողմը։ Անոնք հիւսիսային կողմի կամարաձեւ դարպասը տեղափոխեցին հարաւ, իսկ անոր տեղ կառուցեցին կախովի պատշգամ մը։ Այս պատշգամը օգտագործուեցաւ ֆրանսացի զինուորական կառավարիչներու եւ ապա Լիբանանի վարչապետներուն կողմէ, որպէսզի այնտեղէն ճառ արտասանեն։ Ֆրանսացիք հիւսիսային կողմի մուտքի կամարին վրայէն հանեցին նաեւ թագի քանդակը, որովհետեւ անիկա կը կրէր օսմանեան կայսրութեան խորհրդանշանը։

Անկախութեան շրջանէն մինչեւ քաղաքացիական պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանի անկախութեան շրջանին, առաջին նախագահ շէյխ Պշարա Խուրիի իշխանութեան օրով, Մեծ Սերայը կարճ ժամանակ մը ծառայեց իբրեւ նախագահական նստավայր, նախքան անոր հաստատումը՝ Քանթարիի պալատին մէջ։

Մեծ Սերայը վարչապետարանի վերածուեցաւ Լիբանանի վարչապետ Ռիատ Սոլհի օրով։ Սոլհ վարչապետ եղաւ 1943-էն 1945։ Ատկէ ետք եւ մինչեւ այսօր, Մեծ Սերայը կը ծառայէ իբրեւ Լիբանանի վարչապետի նստավայր եւ աշխատավայր, կամ կարճ խօսքով՝ Լիբանանի վարչապետարան։ Մեծ Սերայը մեծ վնասներու ենթարկուեցաւ 1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։

Վերանորոգումը եւ արդիականացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սերային վերանորոգումը տեւեց 900 աշխատանքային օր։ Մեծ Սերայի վերանորոգումը եւ ներկայ տեսքով անոր շքեղութեան վերահաստատումը խորհրդանշաններէն մէկն է դասական քաղաքաշինութեան արժէքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Ներկայիս, Մեծ Սերայը համադրում մըն է պատմական ճարտարապետութեան եւ արդիական ներքին ձեւաւորումի, որուն կը միանայ արդի արհեստագիտութիւնը՝ իր զանազան միջոցներով։ Անոր արտաքին պատերը վերականգնուած են ամբողջովին, ըստ իրենց սկզբնական ձեւին։ Աւելցուած յարկը կառուցուած է քովի քանդուած շէնքերու քարերով, որուն շնորհիւ պահպանուած է արտաքին ներդաշնակ տեսքը։

Սերային ներքին շինութեանց եւ կահաւորումի գործերը բացառապէս կատարուած են լիբանանցի ձեւաւորողներու եւ արհեստաւորներու ձեռքով։ Այդ գործերը կ'ընդգրկեն կահոյքի պատրաստութիւն, մետաղային յօրինուածքներ եւ քարի ու մարմարի գեղարուեստական մշակումներ։

Կառոյցի յատկանիշները եւ գործառոյթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ Սերայը կը գրաւէ 39,700 քառակուսի մեթր տարածութիւն։ Անոր չորս թեւերը տեղադրուած են մեծ զբօսայգիի մը շուրջ, որուն կեդրոնը կը գտնուի մարմարէ շինուած ցայտաղբիւր մը։ Շինութեան արտաքին եւ ներքին մասերուն մէջ կը գտնուին 588 կամարներ՝ կառուցման 5 տարբեր ձեւերով։

Հիւսիսային դարպասը կը հանդիսանայ Մեծ Սերայի 4 թեւերուն շինարարական կեդրոնական տարրը։ Այս դարպասին բարձրութիւնը 11 մեթր է, իսկ լայնքը՝ 7 մեթր։ Անոր կառուցումը ներշնչուած է Պէյթէտտինի պալատի դարպասներէն։

Մուտքի կամարին կեդրոնը կը գտնուի մարմարէ ցուցատախտակ մը, որուն վրայ, հանգուցեալ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի փափաքով, արձանագրուած է հետեւեալը. ՙԼաու տամաթ լա ղէյրաք, լամա իթթասալաթ իլէյքա՚ ("Եթէ քաղաքական իշխանութիւնը յարատեւ ըլլար մէկու մը համար, անիկա պիտի չհասնէր քեզի")։

Մեծ Սերայի վերի երկու յարկերուն մէջ հաստատուած են վարչապետին կացարանը եւ գրասենեակը, անոր աշխատակազմին գրասենեակները, կառավարութեան ժողովներու դահլիճը եւ նախարարներու գրասենեակները։

Գետնայարկին վրայ կան հիւրընկալութեան եւ հանդիսութիւններու սրահ մը, 2 մեծ ընդունարաններ եւ մամուլի սենեակ մը։ Վերջապէս, ստորգետնեայ տարածքին մէջ հաստատուած են ինքնաշարժի կայանատեղիներ, զանազան սենեակներ եւ պաշտօնէութեան գրասենեակներ։

Մեծ Սերային մէջ ընդհանուր հաշուով կան 430 սենեակներ եւ դահլիճներ, բացի թեքնիք ծառայողական նշանակութեան սենեակներէն։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]