Jump to content

Մարկոս Քհնյ. Տէր Գասպարեան

Մարկոս Քհնյ. Տէր Գասպարեան
Ծնած է 1833
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 1905
Կրօնք քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն հոգեւորական
Ամուսին Մէննուշ
Երեխաներ Իսկէնտէր, Ռզգալլա, Եօրկաքի, Միքայէլ

Տէր Մարկոս Քհնյ. Տէր Գասպարեան (1833-1905)- Աւաղանի անունով Գէորգ, որդի Տէր Գասպար քահանայի, ծնած է 1833-ին, Հալէպ:

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն Ազգ. Վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք կը մեկնի Երուսաղէմ եւ Ս. Յակոբեանց Վանքին մէջ կը ստանայ եկեղեցական ուսում։ Ապա, կը վերադառնայ ծննդավայր եւ ծնողաց օգտակար դառնալու համար կը հետեւի ոսկերչութեան։ Տարիներու աշխատանքով նիւթական վիճակը բարելաւելէ ետք, կը պատրաստուի ամուսնութեան։

Իր կեանքի ընկերը կ'ընտրէ Պրն. Յովհաննէս Նահասի քոյրը՝ Մէննուշը, որուն հետ կը պսակուի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Հետագային կ՚ունենայ չորս զաւակներ՝ Միքայէլ,Իսկէնտէր, Ռզգալլա եւ Եօրկաքի։

Իր կրօնական պատրաստութիւնը, եկեղեցասիրութիւնն ու լաւ վարքն ու բարքը նկատի առնելով, Բերիոյ Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Տ, Մկրտիչ Արք.Քէֆսիզեան(հետագային Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) զինք կը կոչէ քահանայութեան։

Պարտն ու պատշաճ բոլոր կարգադրութիւնները կատարելէ ետք, իր ձեռնադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ ձեռամբ Տ. Մկրտիչ Արք»՝ Իէֆսիզեանի, Ս.Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, 14 Փետրուար 1871-ին, եւ կը վերակոչուի Տէր Մարկոս, օծակից ունենալով Տէր Մատթէոս քհնյ. Տէր Գէորգեանր։

Քաոասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը օծակիցին հետ եկեղեցւոյ մէջ անցրնելէ Առաջնորդին տնօրինութեամր կը նշանակուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ; Իրեն կր արաի շատ սահմանափակ թիլով ծխական ընտանիքներ։ Աոանց դժպոհանրի կր կապուի եկեղեցիին ու ժոդովուրղին։ Շնորհիւ բնատուր իր վարչակւսն կարողութեան ու ճկունութեանց շուտով զինք կը գտնենք պատուաբեր դիրքերու վրայ։ Նախ կ'ընտրուի կրօնական Ժողովի եւ ապա՝ Գաւառական Ժոդովի անդամ։

Վարչական պաշտօններուն մէջ դուդարերած է ողջմտութիւն ու ժողովականի փորձառութիւն եւ րնղանակաթիւն։ Իր քաջ արարախօսութեանդ պարկեշտութեան ու խոհական վարուեքակերպին ապաւինելովդ Մկրտիչ նորրնտիր Կաթողիկոսը առաքած է Տէր Մարկոսը Ղնէյէի հայկական գիւղր առժամեայ հովւական ծառայութեամբ եւ միաժամանակ ղինք քիաղօրելովդ որ Պր.Կարապետ ճամճեանի հետ քննէ Աթոռապատկան ձիթաստանի հաշիւներր։ Իրեն վստահուած պարտականութիւնը յաջողութեամբ կատարելէ ետք, Տէր Հայրը իր սահուն արաբերէնով ու յարատեւ աշխատանքով յաջողած է տեղւոյն հայ գիւղացիներուն յատինադաւանութեան յարիլր մասամփ արգիլել ու ոմանք հայ եկեղեցւոյ ծոցը վերադարձնել։

Բաղմանդամ րնտանիքի հայր այս նուիրեալ քահանան անբաւարար ծուխեր ունենալուն պատճաոով ապրած է նիւթական շատ համեստ պայմաններու մէջ, այնքան որ, չէ կրցած հասնիլ տան պէտքերուն։ Աղքատութիւնր զինք ստիպած է ոչ հայկական թաղերր բնակիլ աժանագին տան վարձքով։ Իր քահանայական պարտաւորութիւններր կատարելը ետք, աղատ Ժամերուն ոսկերչութեամբ զրաղած ու հազիւ զաւակներուն ապրուստը ապահոված է։

Հակառակ կրած նեղութիւններուն, զրկանքներուն, ոչ միայն ինք՝ այլեւ իր ամրողջ գերդաստանը միշտ հաւատարիմ մնացած են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ օտարադաւան հոսանքներուն դէմ պայքարած ու տէր եւ պաշտպան հանդիսադաձ են մեր ազգային եկեղեցական սրբութիւններուն ու Առաջնորդարանին։

Տէր Մարկոս վախճանած է 1905-ին, եօթանւսսուն երկու տարիքին։

Թաղման կարգն ու վերջին օծման արարողութիւնր տեղի ունեցած է Ս.Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Մարմինը ամփոփուած է եկեղեցւոյ բակին մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 23։