Մարթինիանօ Ռոնքալիա

Մարթինիանօ Ռոնքալիա
Ծնած է 1923
Ծննդավայր Իտալիա
Մահացած է 2008
Մասնագիտութիւն արեւելագետ, գրադարանապետ եւ դասախօս

Մարթինիանօ Ռոնքալիա (1923-2008), արեւելագետ, գրադարանապետ եւ դասախօս: Հմուտ արեւելագետ, գրադարանապետ եւ դսւսախօս Մարթինիանօ Փելեկրինօ Ռոնքալիա ծնած է 1923 ին, Րեճիոլօ, Իտալիա: Ծննդավայր երկրին մէջ ստանալէ ետք իր դպրոցական ուսումը, Սորպոնի եւ Միւնիխի համալսարանէն կը վկայուի որպէս արեւելեան քրիստոնեական գիտութիուններու, եկեղեցիներու պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան մասնագետ: 1963 էն մինչեւ 2000, դասախօսած է Եգիպտոսի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ եւ Լիբանանի տարբեր համալսարաններուն մէջ, ուսու­ցանելով յատկապէս արեւելեան քաղաքակրթութեան առնչուող նիւթեր: 1961 էն 1972 եւ այնուհետեւ մինչեւ իր մահը ապրեցաւ Պեյրութ:

Ռոնքալիայի անունը անբաժան պիտի մնայ Պէյրութի Գերմանական Արեւելագիտական Հիմնարկէն, որուն հիմնադիրներէն ու երկարատեւ մատենադարանապետն էր։ Ան անդամ էր եւրոպական արեւելագիտական ընկերաթիուններու: Հեղինակ է մօտ երեք տասնեակ գիրքեր հարիուրաւոր յօդուածներու, խմբագրած է բազմահատոր արեւելագիտական հրատարակութիւններ:

Ուաոմնասիրութիւններուն ընթացքին, Ռոնքալիայի ուշաղրութենէն չէ վրիպած նաեւ հայոց պատմութիւնը. հայութեան առնչուող իր առաջին յօդուածը լոյս կր տեսնէ 1957-ին, Studia Orien talia հանդէսին մէջ “Les Franciscains et les Armeniens Catholiques” վերնազրով: 1962-ին Oriens հանդէսին մէջ լոյս կը տեսնէ “ Itinerario in Egitto di Sim eone, Viaggiatore Polacco (1615 - 1616) (Սիմէոն լեհ ճամբորդի ճանապարհորդութիւնը Եգիպտոս) ուսումնասիրութիւնը. կրկին Oriens-ի մէջ 1962-ին կը հրատարակուի Մեսրոպ Եպս. Թերզեանի Le Patriarcat de Cilicie et les Armeniens Catholiques (1740-1812) գիրքին գլախօսականը, իսկ 1972 ին՝ Լիւիօ Միսիրի Arbre Genealogiqu e de la Famille Missir (1671-1969) գիրքին գրախօսակւսնր Paro le d L'Orien t հանդեսին մէջ։ Նոյն հանդէսին մէջ 1998-ին կր հրատարակէ “Լ'Armenie de Cilicie et les Croises, Apres la Chute d'Acre (1291)” յօդուածը:

Ռոնքալիա աշխատակցած է նաեւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին: ԺԳ. հատորին մէջ լոյս կր տեսնէ “ Marino Sanuto ‘II Vecchio’ , detto Torsello e Gli Armeni di Cilicia. Qualche Informazione” (Կարգ մր ծանօթութիուններ Թորսելլօ անուանուած ծերուկին եւ Կիլիկիոյ հայերան մասին) ուսումնասիրութխնը, իսկ ԺԸ . հատորին մէջ՝ "M'assacres et Deportations d’Armeniens au Moyen-age d’apres Le Liber Peregrinationis de Jacopo de Verone, 1335" (Հայոց ջարդերն ու տեղահանութիւնը միջնադարուն,1335 ին, ըստ ժաքոփօ Տը Վերոնի) հրապարակումը:

Իր անտիպ աշխատանքներուն մէջ սլ կր գտնուին այլ հայագիտական ուսումնասիրութիւններ:

Գերմանական, իտալական եւ Լիբանանեան պետութիուններուն կողմէ շքանշաններու արժանացած Մարթինիանօ Ռոնքալիա մահացաւ 11 Յունուար 2008 ին ,Պէյրութի մէջ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկազեան Հայագիտական Յանդէս